Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բանակի հրամանատարն ու ապահովական կառոյցներու պետերը, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու, ելեւմուտքի, արդարութեան եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարները:
Նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը` նախքան նիստին գումարումը:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը որոշեց շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ բոլոր միջոցներուն դիմել` պահպանել կարենալու համար Լիբանանի իրաւունքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորին:
Խորհուրդը իր ցուցմունքները տուաւ դէմ դնելու Իսրայէլին եւ կասեցնելու այս իմաստով անոր կողմէ սանձազերծուելիք որեւէ յարձակումի: Այս շրջագիծին մէջ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ լիբանանեան հողերուն վրայ Իսրայէլի կառուցած սահմանային պատը:
Խորհուրդը ընդգծեց, որ Լիբանանի հարաւային սահմաններուն վրայ այդ պատին կառուցումը Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը մերժեց նաեւ Լիբանանի նաւթի եւ բնական կազի հարստութեան մասին իսրայէլեան բոլոր սպառնալիքներն ու յայտարարութիւնները:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը իր որոշումները պահեց գաղտնի:
ՆՇԵՆՔ, որ երէկ գիշեր վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ստորագրեցին շրջանաւարտ զինուորականներու աստիճանի բարձրացումի թղթածրարը եւ զայն ուղարկեցին նախագահական պալատ:
Խալիլ նշեց, որ այդ թղթածրարը ստորագրած են Լիբանանի եւ բոլորին շահերուն ի խնդիր: Իսկ Սարրաֆ նշեց, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանի միասնականութիւնը եւ լիբանանեան բանակին կարողութիւնը կասկածի տակ առնել. ան շեշտեց, որ Լիբանան դէմ պիտի դնէ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի:



