Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերու Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին համար որեւէ վտանգ չի ներկայացներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
«Մենք համամիտ ենք վարչակարգին հետ այն հարցին մէջ, թէ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Սուրիան պառակտել ուզող ահաբեկչական ուժ են, մենք Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգին համար վտանգ ներկայացնող ուժ չենք», ըսած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շեշտած է, որ թրքական զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն Աֆրինի մէջ իրենց գործողութիւնը, մինչեւ որ զայն ամբողջովին ձերբազատեն քիւրտ զինեալներէն:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահութիւնը կոչ ուղղեց «դադրեցնելու Իտլիպի դէմ յարձակումները եւ յարգելու լարուածութեան մեղմացման գօտիի հաստատման համաձայնութիւնը»: «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ որեւէ հանդիպում ունենալ պիտի չընդունինք, եւ այդ առնչութեամբ մեր կեցուածքը յստակ է», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահութիւնը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ այցելեց Թեհրան:



