Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Տօներուն Առիթով. Հանդիսաւոր Նախատօնակի Արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

February 8, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա նախատօնակի արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց տօներուն առիթով: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը:

Նախատօնակի աւարտին յաւուր պատշաճի պատգամեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան յայտնեց, որ Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց տօները յատկանշական են եւ սերտօրէն կապուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ: Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք պարտաւորուեցան ռազմաճակատ իջնելով հայութեան ինքնութիւնը պաշտպանել: Այս պայքարը այսօր պէտք է մղենք մեր տուներուն եւ  ընկերութեան մէջ, որպէսզի չխաթարուի մեր ազգային նկարագիրը եւ ազգին ու հայրենիքին հանդէպ մեր պարտականութիւններու գիտակցութիւնը չկորսուի: Պէտք է բոլորս ընդունինք, որ մեր պարտականութիւններուն հանդէպ նոյնքան քաջութիւն չունինք, որքան Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք ունեցան: Անոնք ռազմաճակատի վրայ քաջաբար իրենց հաւատքը արտայայտեցին եւ հայրենիքի հանդէպ սէրը իրենց արեան հեղումով ընծայեցին: Առաջնորդ սրբազան հայրը հարցադրում մը կատարեց նշելով, որ մենք որքանո՞վ այս հաւատքը կը զոհաբերենք: Ապա շարունակեց հարցադրումը յատնելով, թէ ո՞ւր են մեր զաւակները, որոնք պէտք է հոս ներկայ ըլլային: Վարդանանք գիտակցելով իրենց կոչումին եւ պարտականութեանց ռազմադաշտ մեկնեցան եւ այդ գիտակցութիւնը անմահացուց զիրենք: Առաջնորդ սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ այն անձերը, որոնք իրենց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ քրիստոնէական արժէքներուն եւ հայրենական զգացումներուն գիտակցութեամբ իրենց կեանքը կը վարեն: Ան նշեց, որ անգիտակից կերպով մեր աղօթքը չի հասնիր Աստուծոյ, անգիտակից հայրենասիրութիւնն ալ արդիւնք չի տար:

Իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է անդրադառնայ, որ ինք պարտականութիւններ ունի, եւ անոնք իբրեւ աւանդ կտակուած են զինք կանխող սերունդներուն կողմէ: Մենք այդ աւանդը պատուով պէտք է կրենք եւ գիտակցօրէն ապրինք, որպէսզի ապրին մեր մեծերը, հայրենասիրութիւնը:

«Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մղուած ճակատամարտը ամէն մակարդակի վրայ պէտք է շարունակուի մեր եւ մեր զաւակներուն միջոցով այն հաւատքով եւ հոգիով, որով Վարդանանք Աւարայրի դաշտին վրայ իրենց ինքնութիւնը արտայայտեցին առ Աստուած: Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ Վարդանանց բարեխօսութեամբ արիանայ մեր ժողովուրդը եւ քաջաբար պահէ ու պաշտպանէ  իր ինքնութիւնը եւ այն նուիրական բոլոր արժէքներն ու սրբութիւնները, որոնք ամրութիւն կը պարգեւեն մեր ժողովուրդին:

 

Նախորդը

Մամլոյ 139-րդ Լսարան. Լուսանկարչութիւն Եւ Ինքնութիւն (Լոս Անճելըս, Արցախ, Պէյրութ)

Յաջորդը

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Քննարկեն Լիբանանեան Եւ Ազգային Հարցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.