23 փետրուարին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը պիտի գումարէ իր տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացնէ իր վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները: Այս համագումարը տեղի պիտի ունենայ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):
Ֆետերասիոնին կազմակերպած 2018 տարեշրջանի առաջին ախոյեանութիւնը կը սկսի 6 – 10 մարտին, երբ տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու խմբային ախոյեանութեան մրցումները: Այս ախոյեանութեան պիտի յաջորդեն նաեւ այլ մրցաշարքեր եւ ախոյեանութիւններ, որոնց կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:
Այլ գետնի վրայ, տղոց անհատական դասաւորման մէջ, ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած ցանկին մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Աւօ Մումջողլեան, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 57,39 կէտ:
Պէտք է նշել, որ ասիկա կարեւոր իրագործում մը կը նկատուի Աւօ Մումջողլեանի եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար:
Կ՛ակնկալուի, որ ան պահէ իր այդ դիրքը, ինչպէս նաեւ այլ հայ մարզիկներ ալ բարձրանան վերջին դիրքեր:



