Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ:
Գարնանային մրցաշարքը կը սկսի նախատեսուածէն առաջ, այսինքն` ոչ թէ մարտի սկիզբը, այլ` ձմրան վերջին օրը:
28 փետրուարին տեղի կ՛ունենան 2 մրցումներ, իսկ 1 մարտին` 2 այլ մրցումներ, 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Փոփոխութեան պատճառը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք բարեկամական երկու մրցումներն են, որոնք տեղի պիտի ունենան 24 մարտին (Էսթոնիոյ դէմ) եւ 27 մարտին (Լիթուանիոյ դէմ):


