ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը երէկ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Այս բաժակը Հայաստան բերաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 1998-ի Մոնտիալին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Քրիսթիան Քարամպէօ:
«Երբ այս բաժակը բարձրացուցի, Ֆրանսայի կազմին մէջ էին նաեւ երկու հայեր` Եուրի Ճորքայէֆն ու Ալեն Պօղոսեանը: Շատ հպարտ եմ, որ այս բաժակը կը ներկայացնեմ անոնց հայրենիքին մէջ», ըսաւ Քարամպէօ:
Ախոյեանութեան այս բաժակին չորրորդ շրջագայութեան պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ սեպտեմբեր 2017-ին, 2018-ի Մոնտիալը հիւրընկալող երկրէն` Ռուսիայէն: Մինչեւ մայիս անիկա պիտի ըլլայ 91 քաղաքներու մէջ` կտրելով աւելի քան 126 հազար քմ:
Այս առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսէն ետք, այդ բաժակը բերուեցաւ Ազատութեան հրապարակ: Քարամպէօ այդտեղ ներկայ գտնուողները հայերէնով ողջունեց` «բարի օր, Երեւան», ըսելով:



