Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1968)

February 8, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան Աւանդութիւններ

Պտղատու Ծառը Չեն Կտրեր

Արցախի մէջ հազարաւոր տարիներ առաջ Սօս անունով գիւղացի մը կ՛ապրէր: Անոր տնամերձ այգիին մէջ մեծ խնձորենի մը կար, որուն պտուղները ընտանիքի ձմեռուան պաշարեղէնի զարդը կը կազմէին:

Սակայն երեք տարի շարունակ այս խնձորենին ոչ մէկ անգամ չծաղկեցաւ: Հարեւանները ամէն աշնան լեցուն կողովներով պտուղ կը տանէին իրենց այգիներէն, իսկ Սօս տուն կը դառնար ձեռնունայն:

Յաջորդ տարուան գարնան, երբ սովորականին պէս ծաղկած էին բոլոր ծառերը եւ առատ պտղատարուան նշաններ կ՛երեւէին, Սօս չհամբերեց եւ կացինով կտրեց իր չծաղկած խնձորենին: Քանի մը օր ետք սաստիկ ցուրտէն ծաղկաթափուեցան բոլոր ծառերը: Մարդիկ տարուեցան իրենց վար ու ցանքով եւ բոլորովին մոռցան պտուղը: Ալ ի՞նչ պտուղ կրնար ըլլալ, երբ ամրան սկիզբը բոլոր ծառերը արդէն տերեւաթափ դարձեր էին:

Բայց ահա Սօսի կտրած խնձորենին աննախընթաց ծաղկեցաւ: Զարմացուց: Կիսաթեք ինկած խնձորենին պտղաւորուեցաւ եւ աշնան սկիզբը Սօս քանի մը կողով խնձոր քաղեց: Այդքան համեղ, անուշաբոյր խնձոր ոչ ոք տեսած էր Արցախի մէջ: Իսկ այդ տարի, բացի Սօսէն, ոչ ոք պտուղ ունէր: Ձմրան` հիւանդ ունեցողները խնձորի մը համար Սօսին կը դիմէին թախանձանքով, հարսանիքի պատրաստութիւն տեսնողները անոր դուռը կը զարնէին: Եւ իրեն դիմողներուն խնձոր տալով` Սօս ամէն անգամ իր ծառին պատմութիւնը կ՛ընէր.

– Եթէ չկտրէի, տասնապատիկ պտուղ կ՛ունենար ծառս, եւ հիմա առատաձեռն կ՛ըլլայ,- կ՛ըսէր ան:

Այդ դէպքէն ետք ոչ մէկ արցախցի ձեռք տուաւ իր ծառին: Եւ երբ որեւէ ծառ երկար ատեն պտուղ չէր տար, տէրը կացինով երեք անգամ թեթեւակի կը խփէր ծառին եւ կ՛ըսէր.

– Պտուղ կու տաս` տո՛ւր, չես տար` կը կտրեմ:

Ուրիշ մը իբր թէ կը միջնորդէ.

– Մի՛ կտրեր, այս տարի անպատճառ պտուղ կու տայ:

Ու մինչեւ այսօր Արցախի մէջ սովորութիւն դարձած է պտղատու ծառ չկտրելը:

Հ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

 

Լիբանանահայ Նկարիչ
Շարթի Նուաճումները

Վերջերս ֆրանսական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ լիբանանահայ արժէքաւոր նկարիչ Շարթի կատարած նուաճումներուն:

Ստորեւ «Լ՛Էքօ տը լա Ֆինանս» թերթին յօդուածը` ամփոփ գիծերու մէջ:

Շարթ ծնած է Պէյրութ, 1927-ին: Հայրը լուսանկարիչ էր: 13 տարեկանին, կ՛ըսեն, կը գծէր յաջող կերպով: 18 տարեկանին, իբրեւ գծագրող, գործի կը մտնէ հրատարակչատուն մը:

Սուրիա կատարած կարճատեւ այցելութենէ մը ետք Շարթ կը համոզուի, որ միայն Փարիզի մէջ պիտի կրնայ փառքի բարձունքներ նուաճել: Իտալիա կատարած փոքր շրջապտոյտէ մը ետք կու գայ Փարիզ, 1947-ին: Տարի մը ետք Գեղարուեստից վարժարանին մէջ կը հետեւի գծագրութեան, իւղանկարի եւ որմնանկարչութեան դասընթացքներու:

23 տարեկանին արդէն փայլուն ապագայ խոստացող երիտասարդ մըն էր նկարչական արուեստին մէջ: Կը նկարէր խոր հասկացողութեամբ եւ անընդհատ կը կարդար Կանտիի ու Կոմփիկիոսի գործերը: Շրջան մը Հոլանտայի մէջ կատարեց նկարչական յաջող փորձեր: Սքանտինաւիոյ մէջ ապահովեց նկարչական մրցանակ մը:

Պէյրութ` իր ծննդավայրին տուած կարճ այցելութենէ մը ետք, Շարթ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, 1954-ին: Այս թուականէն կը սկսէր Շարթի իսկական վերելքը դէպի մեծ նուաճ     ումներ: Յաջորդաբար ցուցահանդէսներ սարքեց Փարիզի առաջնակարգ սալոններու մէջ: 1958-ին այցելեց Սպանիա, ինչպէս նաեւ` եւրոպական այլ երկիրներ:

Մասնակցեցաւ Քարաքասի, Քալիֆորնիոյ, Միլանոյի, Պէյրութի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի եւ Փարիզի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսներուն եւ խլեց բազմաթիւ Ա. մրցանակներ:

1956-ին Ա. մրցանակ` «Կշռոյթ եւ գոյն» գործով, 1962-ին` Շերպուրկի երկամեայ Ա. մրցանակը, 1964, 1965 եւ 1967 թուականներուն` Պէյրութի միջազգային մեծ մրցանակը, Մանթ լա Ժոլի քաղաքի Ա. մրցանակը եւ, վերջապէս, «Էլիզէ-Պրըթանիա» կեդրոնի ցուցահանդէսին Ա. մրցանակը, ուր պիտի ներկայացուէր արդիական եւ ուժական Պրըթանիայի հարազատ պատկերը: Այս ցուցահանդէսին մէջ էր, որ Շարթ փայլեցաւ` խլելով առաջնութիւնը վտանգաւոր մրցակիցներու ձեռքէն:

Այսօր Շարթ արդէն տաղանդաւոր նկարիչ մը դարձած է եւ ծանօթ է իբրեւ այդպիսին: Եթէ ան գիտէ խաղալ իր գիծերուն եւ գոյներուն հետ, ատիկա կը պարտի իր խոր զգացումներու հրայրքին, որուն շնորհիւ բարձրացած է միջազգային դիրքի:

Սարսափելի, խենթ շարժումները իր գիծերուն կ՛աւարտին մեղմութեամբ մը, որ կը տածէ հանդէպ մարդկութեան: Քաղցրութիւն մը, որ կը յայտնաբերուի իր համեստ տիպարներուն ընդմէջէն:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ճանչնանք Մեր Տօները. Բարեկենդան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.