ՀՄԸՄ – Սաժես մրցումով երէկ գիշեր սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները, որոնք ձեւով մը շարունակութիւնն են Ա. հանգրուանին, այսինքն“ դասաւորման դրութիւնը կը շարունակուի եւ կէտերուն վրայ կ՛աւելնան յաւելեալ կէտեր:
Այս մրցումին ներկայ էր Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Սաժեսի նախագահ Սեմի Պըրպարի եւ անշուշտ դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրները:

Վերադառնալով մրցումին նշենք, որ ՀՄԸՄ տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 94-79 արդիւնքով (25-11, 26-15, 28-26, 15-27):
Յաղթանակը շատ աւելի մեծ կրնար ըլլալ, բայց ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես չուզեց մրցումը շարունակել իր երեք օտարականներով. Սեմ Եանկ դաշտ ներկայացաւ 23 վայրկեան 14″, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 25′ 07″, իսկ Ուոլթըր Հոճ` 21′ 59″:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մաքրամ Պըն Ռամատան (24), ապա` Սեմ Եանկ (21), Ուոլթըր Հոճ (12), Հայկ Կէօքճեան (10), Էլի Շամուն, Իսմայիլ Ահմետ (6-ական), Սեւակ Քեթենճեան, Քարամ Մըշրեֆ (5-ական), Քարիմ Զէյնուն (4) եւ Վարանդ Գալընճեան (1):
Այս յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ տարեշրջանի 16-րդը:



