Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Հանդիպումը Ընդգծեց Հարցերը Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Մէջ Լուծելու Եւ Ազգային Ուխտին Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

February 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատը երէկ վկայեց դրական բացառիկ հանդիպում մը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ:

Հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան պետերը համաձայնութիւն գոյացուցին նախորդ տասը օրերուն Լիբանանի մէջ արձանագրուած հարցերը սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ եւ սահմանադրութեան ու օրէնքներուն հիման վրայ լուծելու առումով:

Պաապտայէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ նախագահ Աուն, Պըրրի եւ Հարիրի շեշտեցին Ազգային ուխտին յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը եւ չարտօնելու, որ քաղաքական որեւէ տարակարծութիւն սպառնայ քաղաքացիական անվտանգութեան եւ երկրին վայելած ապահովական անդորրին:

Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին նաեւ խորհրդարանին ու կառավարութեան գործունէութեան աշխուժացումը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է երկրին մէջ քաղաքական եւ ապահովական նպաստաւոր մթնոլորտ յառաջացնել` 6 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդավարութեամբ կատարելու համար:

Իշխանութեան երեք պետերը ընդգծեցին նաեւ 2018-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու կարեւորութիւնը:

Անոնք մերժեցին 9-րդ նաւթահորին վերաբերող իսրայէլեան սպառնալիքները` զանոնք նկատելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն:

Նախագահ Աուն, Պըրրի եւ Հարիրի շեշտեցին, որ միջազգային մակարդակի վրայ պիտի պայքարին իսրայէլեան այս սպառնալիքներուն եւ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ Իսրայէլի կողմէ պատի կառուցումին դէմ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ նիստը արդիւնաւէտ էր` աւելցնելով, որ Պաապտայէն պիտի հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պիտի ներկայացուին կատարուած քննարկումներն ու գոյացած համաձայնութիւնները:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի երկրորդեց Պըրրիի արտայայտած տեսակէտը` աւելցնելով, որ հանդիպումը առաւելագոյն չափով դրական եղած է: Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն լիբանանցիները պիտի վկայեն երեք իշխանութիւններուն միջեւ աշխուժ գործակցութեան, շարք մը հարցերու լուծումներուն, կառավարութեան գործունէութեան, օրէնսդրական աշխատանքին ու սպասուած խորհրդաժողովներու կայացումին:

Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, իսկ վաղը` հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 93 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահը Այն Թինէի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Պաապտայի մէջ կատարուած հանդիպումին տասի վրայ տասը կը նշանակէ: Ան աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք հաստատած է 2018-ի պետական ամավարկը մշակելու եւ զայն ներկայ խորհրդարանին կողմէ վաւերացնելու կարեւորութիւնը:

Պըրրի նշեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ ուշանալ, «եւ բնական է, որ այդպէս ըլլայ: Հետեւաբար պէտք է փութալ վաւերացնելու 2018-ի պետական ամավարկը, որպէսզի ամավարկերուն վաւերացումին գծով արձանագրուած յապաղումներու եղանակին չվերադառնանք», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին իրենք համաձայնած են դիմադրել իսրայէլեան սպառնալիքներուն` պահպանելով Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային իրաւունքներն ու հարստութիւնները:

Պըրրի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարուած է արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կատարած յայտարարութեան, աւելցնելով, որ ինք Պասիլէն չէ պահանջած ներում հայցել: «Պասիլ լիբանանցիներուն դէմ սխալ մը գործեց, հետեւաբար ան կրնայ լիբանանցի ժողովուրդէն ներում հայցել», ըսաւ ան:

Պըրրի ըսաւ, որ Ամալ շարժումի նախարարները պիտի մասնակցին հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին: «Մենք բազմիցս շեշտած ենք սահմանադրական հաստատութիւններու գործունէութեան հետեւողականութեան կարեւորութիւնը: Բոլորին հետ պիտի գործակցինք` առանց զիջելու մեր կեցուածքներէն», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ հարցերը վերադարձած են սահմանադրական հաստատութիւններ եւ անոնք պիտի լուծուին Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ:

 

Նախորդը

«Քաղաքական Խոչընդոտներ Կ՛արգիլէին Ծրագիրներուն Գործադրութիւնը, Իսկ Ներկայիս Կացութիւնը Աւելի Լաւ Է` Հակառակ Դժուարութիւններուն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Պոլսահայերը Կը Փորձեն Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հասնիլ Դատարանի Միջոցով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.