Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հերքեց այն լուրերը, թէ Պէյրութի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածուներու երկու ընտրացանկ պիտի ըլլայ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ստորագրեց տեղեկատուութեան նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Լիբանան մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլայ միջազգային լրատուութեան մէջ` իր խնդիրներով, բարիքներով եւ չարիքներով: Համաձայնագիրը կը միտի այդ բոլոր հարցերը լուսարձակի տակ առնելով օժանդակել եւ ներդրում ունենալ անոնց բարելաւման:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Քապպարա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինիի եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան արաբական երկիրներու շրջանային գրասենեակի տնօրէն դոկտ. Ռուպա Ժարատաթի հետ: Քննարկուեցան աշխատանքի կարելիութիւններու ապահովումը եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան հետ նախարարութեան գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Մոհամետ Քերիմ Պոտալիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Թալալ Արսլան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ ընտրական դաշինքներու վերջնականացումէն ետք պիտի որոշեն ինչպէս մասնակցիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան Ֆաուզի Քապպարան: Միւֆթի Տըրիան յաջողութիւն մաղթեց Քապպարային` անոր ստանձնած դիւանագիտական աշխատանքին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ երեսփոխանին իսկական աշխատանքը օրէնսդրութիւնն է եւ երկրին գործադիր իշխանութեան աշխատանքի հսկողութիւնը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները` հաստատելով, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի որոշեց Սայտա-Ժեզզին ընտրաշրջանին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցիլ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլեան ծովուժի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլա ունի այնպիսի հրթիռներ, որոնք ուղղակի թիրախ կրնան դարձնել կազի պաշարները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ աքքարցիներուն ցաւակցութիւն յայտնեց բանակային Խալետ Խալիլի նահատակութեան առիթով, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց բանակի հրամանատարութեան եւ ապահովական կառոյցներուն: Ան շեշտեց, որ Աքքար պիտի մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանող ուժերուն կեդրոնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող զէնքի երեւոյթը` աւելցնելով, որ զէնք կրելը պէտք է ըլլայ միայն լիբանանեան բանակին իրաւասութիւնը: Շարպել նշեց նաեւ, որ ընտրական օրէնքի փոփոխութիւնը այլանդակած է այդ օրէնքը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի նշեց, որ լիբանանցին իր մտայնութիւնը պէտք է փոխէ, որպէսզի կարենայ փոփոխութեան ենթարկել նաեւ քաղաքական ներկայ վերնախաւը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակչութեան խիտ շարքերով ուղղուելու քուէարկութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ Թրիփոլիի եւ Լիբանանի ճակատագիրը ճշդել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաշիտ Տըրպաս նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իրենց հակակշիռին տակ պիտի առնեն խորհրդարանը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղը ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան բոլորին հետ գործակցելու սկզբունքին:

 

 

Նախորդը

Թրքական Բանակը Տիգրանակերտի Մէջ Քիւրտ Զինեալներու Դէմ Նոր Գործողութեան Կը Պատրաստուի

Յաջորդը

Սարրաֆ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Սպառնալիքները

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.