Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 2020-ի ողիմպիական խաղերը կրնան կատարուիլ առանց կռփամարտի, յայտնեց միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ:
Նշուեցաւ, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն կը պահպանէ պատանեկան խաղերէն եւ 2020-ի ողիմպիական խաղերու ծրագիրէն կռփամարտը հանելու իրաւունքը:
Ներկայիս Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն դադրեցուցած է Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին իր նիւթական օժանդակութիւնը` նկատի ունենալով, որ բաւական լուրջ հարցեր կան այդ ֆետերասիոնին մէջ եւ կը բացայայտուին մեծ գայթակղութիւններ:
Վերջերս Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնակատար Ֆրանքօ Ֆալչինելլի ներկայացուց իր հրաժարականը:



