Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. Այսօր Իշխանութեան Երեք Պետերը Կը Հանդիպին

February 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Սակայն չի նախատեսուիր, որ այդ հանդիպումին ընթացքին երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապը լուծուի, այլ պիտի քննարկուին լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորին վերաբերող իսրայէլեան սպառնալիքները, երկրին ապահովական կացութիւնը, շրջանաւարտ բանակայիններու թղթածրարը սահմանադրութեան հիման վրայ լուծելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը:

Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը` Լիբանանի Մէջ

Միւս կողմէ, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոս երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Եագուպ Սարրաֆի հետ:

Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Քամենոսը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական բջիջները հալածելու իմաստով  երկկողմանի գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը գնահատէ Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ իր գործակցութիւնը, յատկապէս ծովային ապահովութիւնը կայուն պահելու առումով:

Ան նշեց, որ երեք պետութիւններն ալ կը դիմագրաւեն միացեալ մարտահրաւէրներ: Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ եռակողմանի հանդիպումը, որ պիտի կատարուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու նպատակով Հռոմի խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը կարեւոր է:

Ակնարկելով Լիբանանի պատկանող 9-րդ նաւթահորին մասին իսրայէլեան սպառնալիքներուն` նախագահ Աուն ըսաւ, որ անիկա Իսրայէլի նպատակներուն եւ ախորժակներուն անկեղծ արտայայտութիւնն է:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քամենոսին` Յունաստանի կողմէ լիբանանեան բանակին մատուցուած զինուորական օժանդակութեան համար, յատկապէս 2007-ի Նահր Պարետի ճակատամարտին ընթացքին:

Իր կարգին, Քամենոս դրուատեց նախագահ Աունի կեցուածքներն ու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող անոր դերակատարութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Յունաստան յանձնառու է Լիբանանի հետ գործակցութեան` աւելցնելով, որ Յունաստան պատրաստ է լիբանանեան բանակին զինուորական կարողութիւնները բարելաւելու:

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Քամենոս այցելեց նաեւ վարչապետ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց տեղական ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միացեալ շահերուն վերաբերող հարցեր:

Քամենոս հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սարրաֆի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի զինուորական մարզի գործակցութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւններուն, «որոնցմէ վերջինները լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորին վերաբերող իսրայէլեան սպառնալիքներն էին», ըսաւ ան:

Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն եւ բնաւ տեղի պիտի չտայ իսրայէլեան սպառնալիքներուն դիմաց:

Ան ներկայացուց նաեւ լիբանանեան բանակին արձանագրած նուաճումները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին եւ արձանագրած յաղթանակներուն մանրամասնութիւնները:

Իր կարգին, Քամենոս յայտնեց, որ լիբանանցիները ամբողջ աշխարհին համար կը ներկայանան իբրեւ երկխօսութեան օրինակելի տիպարներ: Ան հաստատեց, որ Յունաստան կը փափաքի Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել` աւելցնելով, որ Լիբանան մեծապէս կը նպաստէ շրջանային կայունութեան հաստատումին:

Նախորդը

Հարիրի. «Լիբանանի Ապահովութեան Ու Կայունութեան Շուրջ Միասնականութեամբ Կրցանք Երկիրը Յառաջ Տանիլ»

Յաջորդը

Հին Դամասկոսի Շրջանը Հրթիռակոծուած Է. Արձանագրուած Է Զոհ Մը Եւ Երկու Հայ Վիրաւոր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.