Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Անանեան Եւ Լոր Սլէյման Քննարկեցին Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Ստորագրելու Հեռանկարները

February 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, որ աշխատանքային պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումէն ետք դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ միջազգային խորհրդաժողովներու մասնակցութեան շրջագիծին մէջ Սլէյմանի հետ իրենց հանդիպումները յաճախակի եղած են` աւելցնելով սակայն, որ այս այցելութիւնը սկիզբը պիտի ըլլայ «Արմէնփրես»-ի եւ Ազգային լրատու գործակալութեան հետ պաշտօնական գործակցութեան:

«Յոյսով ենք, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ զոյգ լրատու գործակալութիւններուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրել», ըսաւ ան:

Դեսպան Մկրտչեան կարեւոր նկատեց երկու գործակալութիւններուն միջեւ լուրերու փոխանակման ամրապնդումը, որպէսզի կարելի ըլլայ ո՛չ միայն Լիբանանի եւ Հայաստանի, այլեւ` Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն իսկական պատկերը ներկայացնել:

«Այս գործակցութիւնը մօտիկ ապագային պիտի սկսի` պաշտօնական մակարդակի վրայ, եւ մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք այդ գործակցութիւնը ամրապնդելու», ըսաւ ան:

Դեսպան Մկրտչեան նշեց, որ Սլէյմանը հրաւիրած են Հայաստան` զբօսաշրջական եւ տեղեկատուութեան մակարդակներու վրայ ապագայ գործակցութեան կարելիութիւնները քննարկելու նպատակներով:

Իր կարգին, Ա. Անանեան հաստատեց, որ Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի տեղակատուական մարզի մակարդակով գործակցութիւնը: Ան նշեց, որ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը իր լրատուութեան, վերլուծումներուն եւ տեղեկագիրներուն ընդմէջէն կը գործէ ի խնդիր լրագրութեան եւ լրատու գործակալութիւններուն ապագայի երաշխաւորման:

Անանեան շեշտեց, թէ «Արմէնփրես» մնայուն կերպով իր գործընկերներուն կը հաստատէ, որ լրատու գործակալութիւններու միջեւ գործակցութիւնը ապագայի հիմնաքարն է եւ տեղեկատուութեան մարզին ու լրագրութեան ապագան:

«Ներկայիս լրատու գործակալութիւնները տեղեկութիւններու հիմնական հեղինակութիւններն են, գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցներուն համար: Մեզի համար լիբանանցի մեր գործընկերներուն հետ գործակցութիւնը շատ կարեւոր է` նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ ազգային ու պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հայութեան եւ Հայաստանի մէջ լիբանանեան գաղութին մեծ թիւերը», յայտնեց Անանեան:

Արամ Անանեան շեշտեց, որ «Արմէնփրես» Հայաստանի միակ գործակալութիւնն է, որ արաբերէնով լրատուութիւն կը կատարէ` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու են յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին լրատուութեան այդ բաժինը աւելի եւս ընդարձակել: «Վստահ եմ, որ լիբանանցի մեր գործընկերներուն հետ փոխադարձ գործակցութիւնը մեզի պիտի քաջալերէ աւելի արագ շարժելու այդ ուղղութեամբ», եզրափակեց Անանեան:

 

Նախորդը

Ներքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ոչինչ Պիտի Կասեցնէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը»

Յաջորդը

Հարիրի. «Լիբանանի Ապահովութեան Ու Կայունութեան Շուրջ Միասնականութեամբ Կրցանք Երկիրը Յառաջ Տանիլ»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.