Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ոչինչ Պիտի Կասեցնէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը»

February 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը հաստատեց, որ արդէն իսկ ամբողջացուցած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն գումակային աշխատանքները եւ կը սպասէ առաջադրուելիք թեկնածուներուն արձանագրութեան:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ ոչինչ պիտի կասեցնէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները կատարելը մեծ մարտահրաւէր է, եւ զայն յաջողութեամբ պիտի կայացնեն:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ նախարարութիւնը պատրաստ է ամէն տեսակի հարցեր դիմագրաւելու` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կացութիւնը խանգարելու հաւանականութեան մասին լուրերը զիրենք չեն վախցներ, որովհետեւ ապահովական անդորրը ամրապնդուած է:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր խօսքը ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ ընտրարշաւներ կազմակերպող անհատներուն` շեշտելով, որ «Լիբանան կ՛ընտրէ – 2018» կարգախօսը պիտի վերածուի իրականութեան, եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի ըլլան բացառիկ` վերանորոգելու համար երկրին մէջ տիրող ժողովրդավարական վարչակարգը:

Մաշնուք ընդգծեց, որ բոլորը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ ազգային պատասխանատու ոգիով պէտք է առաջնորդուին` հիմնուելով չափաւորականութեան վրայ եւ մնայուն կերպով յարգելով այլոց կարծիքը:

Մաշնուք շեշտեց, որ այս ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը կը կայանայ ո՛չ միայն այն իրականութեան մէջ, որ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած ընտրութիւն է, այլեւ անոր մէջ, որ անիկա ընտրական նոր օրէնքի վրայ հիմնուած է, եւ արդիականացման ու բարգաւաճման գործողութիւն մըն է, որ պիտի կատարուի:

Մաշնուք կոչ ուղղեց լիբանանցի կիներուն աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու ընտրութիւններուն` ըլլայ ան թեկնածութեան առաջադրումի կամ քուէարկութեան տեսակէտէն, ամրապնդելու համար իրենց ազգային դերակատարութիւնը:

 

Նախորդը

Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Անուղղակի Հանդիպում

Յաջորդը

Արամ Անանեան Եւ Լոր Սլէյման Քննարկեցին Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Ստորագրելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.