Վերջին քանի մը օրերու քաղաքական թէ ապահովական իրադարձութեանց սրընթաց զարգացումը զօրաշարժի մատնեց երկրին վարիչները` կանխարգիլելու համար կարմիր գիծերու հատումը: Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ ծագած տարակարծութեանց հետեւանքները լարուած ու պայթուցիկ մթնոլորտ ստեղծեցին առնչակից կողմերու հետեւորդներուն թէ համակիրներուն միջեւ: Ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպել խիստ վտանգաւոր նկատեց պատահածը` նշելով, որ վերջին օրերու դէպքերը յիշեցուցին 1975-ի պատերազմական օրերը: Շարպել կարմիր գիծ նկատեց իշխանութեան երեք պետերուն հանգամանքները:
Ըստ քուէյթեան «Անպա» թերթին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մէկ շաբթուան պայմանաժամ տուած է պատկան կողմերուն` սպասելով «հրապարակային ներողութեան», այլապէս սպառնալով, որ իր գլխաւորած Ամալ շարժումի երեք նախարարները կառավարութենէն հրաժարական տան: Նոյն աղբիւրները այս լարուած մթնոլորտի քաղաքական մեկնաբանութիւնը կամ հեռանկարները վերագրեցին 6 մայիսին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութեանց յետաձգման «փափաք»-ին: Ըստ նոյն աղբիւրին, այս դէպքերը կարելի է վերագրել նաեւ լիբանանեան 17-ամեայ պատերազմին վերջ տուած, հոկտեմբեր 1990-ին սէուտական Թաէֆ քաղաքին մէջ կնքուած համաձայնութեան վերատեսութեան գծով նախագահ Աունի կողմէ տարուող ճիգերուն` նախագահական լիազօրութեանց վերահաստատման առաջադրանքով:
Նախանձախնդիր երկրի կայունութեան ու անդորրութեան պահպանման` խաղաղարար միջնորդութիւնները չուշացան, եւ մէկէ աւելի կողմեր փութացին կացութեան բռնկեցման պատրոյգը մարել իր սաղմին մէջ: Ըստ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ սերտ ճիգերու ձեռնարկած է երէկ նախագահ Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ, ինչ որ յանգած է դրական արդիւնքներու: Պըրրի բարձր գնահատած է նախագահ Աունի այս նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ սահմանադրութիւնը կարմիր գիծ է եւ կարելի չէ շրջանցել զայն: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պաապտա այցելութիւնը եւ անոր ներկայութեան նախագահ Աունի եւ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը յաջողած է հանդարտեցնել լարուած մթնոլորտը: Վարչապետ Սաատ Հարիրի դրական որակեց մթնոլորտը` խոստմնալից քայլերու ակնկալութեամբ: Ան նաեւ նշեց, որ Լիբանան վտանգաւոր կացութիւն կը դիմակալէ Իսրայէլի վերջին կեցուածքի լոյսին տակ` թիւ 9 նաւթահորին գծով:
Պաապտայի պալատէն, ապա Ամալ շարժումի կողմէ հրապարակուած անջատ հաղորդագրութիւնները հաստատեցին, որ խորհրդակցութեանց առանցքները կազմած են երկրին ներքին թէ արտաքին մթնոլորտն ու ցցուող մարտահրաւէրները: Անոնք համաձայնած են պատասխանատու մակարդակի հանդիպում մը կայացնել յառաջիկայ երեքշաբթի օր` Պաապտայի մէջ: Այս քայլը խիստ դրական ու խոստմնալից նկատուեցաւ, յատկապէս նկատի ունենալով անցնող երկուշաբթի օրուան Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, ապա խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին եւ նախարարաց խորհուրդի երէկ նախատեսուած նիստին յաջորդական յետաձգումները:
Խրախուսիչ մէկ այլ երեւոյթ էր նաեւ Ամալ շարժումի հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ շարժումի քաղաքական դիւանը կոչ կ՛ուղղէր իր անդամներուն եւ համակիրներուն հանդարտելու ու փողոց չիջնելու եւ խուսափելու վիրաւորական կամ վտանգաւոր որեւէ քայլի դիմելէ: Նման հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր Հըզպալլա` իր համակիրներուն եւ անդամներուն արգիլելով որեւէ ցոյցի կամ ճակատումի մասնակցիլ: Նոյն ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ Ամալի եւ Հըզպալլայի միացեալ պատուիրակութիւն մը այսօր` ուրբաթ, 2 փետրուարին այցելէ Հատաթի շրջանը, ուր նախանցեալ գիշեր 1975-ի պատերազմական մթնոլորտը յիշեցնող զինեալ երեւոյթներ արձանագրուած էին:
Քուէյթեան «Անպա» թերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան տարելիցին առիթով 14 փետրուարին կը նախատեսուի կայացնել խուռներամ հաւաք, ուր վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի ներկայացնէ իր ընտրացանկը եւ անոր յայտարարելիք կեցուածքը պիտի վճռէ ընտրութեանց կայացման կամ յետաձգման հաւանականութիւնը:
Նաեւ` Արտաքին Մարտահրաւէրներ
Իշխանութեան երեք պետերը` նախագահ Միշել Աուն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, իրենց ցուցաբերած աչալուրջ եւ հեռատես կեցուածքով շեշտեցին ներքին կայունութեան ու անդորրութեան ամրապնդման հրամայական պահանջը` դիմակալել եւ յաղթահարել կարենալու համար երկրի անդորրութեան ու բարգաւաճման գծով ցցուող արտաքին մարտահրաւէրները: Անոնք զօրաշարժի մատնուեցան եւ դրական կերպով ընդառաջեցին խաղաղարար միջնորդութեան ճիգերուն` նկատի ունենալով մօտալուտ կարեւոր ժամկէտներ, ինչպէս` «Փարիզ-4»-ի գումարման ժամկէտը, Գերմանիոյ մէջ նախատեսուող ի նպաստ լիբանանեան բանակին համագումարը եւ 9 փետրուարին նախատեսուող նաւթային համաձայնութեանց կնքումի ժամկէտը: Փաստօրէն, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի յայտարարութիւնը թիւ 9 նաւթահորի սեփականութեան գծով, բռնկեցուց առանց այդ ալ լարուած հակակրական տրամադրութիւնները Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ: Հոսկէ` նախագահ Աունի կոչը հարցերու լուծման եւ իսրայէլեան այս վտանգաւոր կեցուածքին դիմակալման գծով: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան անհրաժեշտ քայլերուն պիտի դիմէ, առ որ անկ է պաշտպանելու համար իր հողային թէ նաւթային իրաւունքները: Իսրայէլի պատգամը յստակ է, անիկա կը փորձէ նաւթային միջազգային ընկերութիւնները հեռացնել 9 փետրուարին նախատեսուող համաձայնութեան կնքումէն: Նմանապէս, Հարաւի սահմանագիծին ուղղութեամբ Իսրայէլի ձեռնարկած բաժանման պատի շինութիւնը դարձեալ կը միտի շրջանին մէջ լարուած ու անապահով մթնոլորտ ստեղծել: Նախագահ Աունի այս կեցուածքին զօրակցեցան երկրի զանազան կողմերու ղեկավարներ: Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պահանջելու եւ բողոքելու Իսրայէլի այս կեցուածքին դէմ: Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը շաբաթական իր հերթական նիստին բուռն կերպով քննադատեց Իսրայէլի այս կեցուածքը` յիշեցնելով, որ խնդրոյ առարկայ թիւ 9 նաւթահորը Սայտայի ջուրերէն կ՛երկարի դէպի պաղեստինեան գրաւեալ շրջաններ եւ ոչ թէ Իսրայէլի սահմանագիծ:
Նոյն ծիրին մէջ, Հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը խաղաղարար միջնորդական քայլերու կը դիմէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ:






