Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տան մը երդիքը փուլ եկաւ երէկ: Տնեցիները հրաշքով փրկուեցան: Ըստ «Նաշրա» լրատուական կայքին, պաղեստինցիներու ապրուստի անմիջական կարիքները հոգացող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ներկայացուցիչներ մէկէ աւելի առիթներով այցելած եւ քննած էին նշեալ տան վիճակը` անհրաժեշտ նկատելով նորոգութեան կարիքը: Սակայն ցարդ գործնական որեւէ քայլ չէ առնուած:
Հրդեհ` Սին Էլ Ֆիլի Մէջ
Միւս կողմէ, մեծ հրդեհ մը բռնկեցաւ երէկ Սին էլ Ֆիլի ձգախեժէ ապրանքներու մէկ վաճառատան մէջ: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու տարրեր յաջողեցան զսպել եւ մարել հրդեհը` յայտարարելով, որ մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած:



