Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող յայտարարութիւններուն:
Թրքական «Սանալպասըն» կայքը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Ֆրանսայի կողմէ պետական տօներու օրացոյցին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր աւելցնելու մտադրութիւնը իրենց համար որեւէ էական նշանակութիւն չունի:
«Մաքրոն այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան օրը ազգային օրացոյցին վրայ աւելցնելու իր խոստումը պահէ, թէ չպահէ` մեզի համար նոյնն է», ըսած է Չաւուշօղլու:
«Թերթ» կը հաղորդէ, որ Մաքրոնի յայտարարութիւնները մեծ արձագանգ գտած են թրքական մամուլին մէջ: Թուրքիոյ շարք մը լրատուամիջոցներ մասնաւորաբար, ուշադրութիւն հրաւիրած են Ֆրանսայի նախագահի` ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը դարձեալ խորհրդարան բերելու մտադրութեան մասին յայտարարութիւններուն:
Թրքական կայքեր նաեւ նկատած են, որ ընթրիքին ժամանակ առանձնակի ուշադրութեան արժանացած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան:



