Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուա Շփման Գիծին Վրայ ԵԱՀԿ-ի Լրացուցիչ Հսկիչներու Տեղակայման Վերաբերեալ Համաձայնութեան Շուտափոյթ Իրագործման Յոյս Ունի» Կ՛ըսէ Լաւրով

February 2, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ԵԱՀԿ-ի լրացուցիչ հսկիչներու տեղակայման վերաբերեալ համաձայնութիւններու շուտափոյթ իրագործման յոյս ունի: Այս մասին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանոյի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ խօսքը շփման գիծին վրայ ԵԱՀԿ-ի հսկիչներու թիւի յաւելման մասին է եւ ոչ թէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գրասենեակի ընդլայնման:

Ան նշած է, որ նախապէս վստահութեան ամրապնդման նպատակով ձեռք բերուած է շփման գիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի հսկիչներու թիւը աւելցնելու վերաբերեալ համաձայնութիւն:

«Իմ կարծիքովս` այժմ կողմերը մօտ են այդ համաձայնութեան իրագործման շօշափելի շրջագիծի շուրջ համաձայնութեան, եւ մենք յոյս ունինք, որ ԵԱՀԿ-ը պիտի կարենայ զայն գետնի վրայ գործի դնել», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրով նշած է, որ կարծիքներ լսած է, թէ շփման գիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի հսկիչներու թիւի յաւելումը առիթ պիտի դառնայ տագնապին լուծումը ձգձգելու եւ պիտի զրկէ զայն քաղաքական ճամբով լուծելու խթանէն:

«Կ՛երեւի պէտք է նշել, թէ բոլոր տագնապներու լուծման հոլովոյթները, ըլլայ այդ Ղարաբաղի մէջ, թէ Տոնպասի, պէտք է ընդգրկեն զուգահեռ քայլեր, որոնք պիտի ներառեն անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ միջոցառումներու եւ քաղաքական կարգաւորման ուղղուած քայլեր: Յոյսով եմ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու կողմէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որոնք ստացած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխուժ աջակցութիւնը, պիտի իրականացուին», ըսած է Լաւրով:

«ԵԱՀԿ-ը Մտադիր Է Աջակցիլ Չլուծուած Տագնապներու Լուծման Համար Պայմաններու Ստեղծման» Կ՛ըսէ Ալֆանօ

ԵԱՀԿ-ը մտադիր է աջակցիլ չլուծուած տագնապներու` գոյութիւն ունեցող բոլոր բանակցային ձեւաչափերուն եւ նպաստել որեւէ պայմաններու ստեղծման` չլուծուած տագնապներու լուծման համար:

Այս մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն ետք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Մենք մտադիր ենք աջակցիլ գոյութիւն ունեցող բոլոր բանակցային ձեւաչափերուն, նպաստել որեւէ պայմաններու ստեղծման` չլուծուած տագնապներու լուծման համար», ըսած է ան:

«Մենք կը կարծենք, որ ԵԱՀԿ-ը պէտք է ամէն ձեւով նպաստէ այդ հոլովոյթին մէջ,  այնպիսի առանցքային դերակատարի ներգրաւուածութեան, ինչպիսին Ռուսիոյ դաշնակցութիւնն է», յայտարարած է Ալֆանօ:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու Կ՛արձագանգէ Մաքրոնի` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Խօսքերուն

Յաջորդը

Սումկայիթեան Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած Խորհրդարանական Լսումներ Տեղի Պիտի Ունենան

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.