Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա եւ ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին լիբանանցի բոլոր իրաւարարներուն` աւելցնելով, որ ֆետերասիոնը ամէն գնով պիտի պաշտպանէ իր իրաւարարները, որոնք ունին բացառիկ յատկութիւններ եւ Ասիոյ ցամաքամասին մէջ, ասիական եւ արաբական ֆետերասիոններուն կողմէ կը նկատուին լաւագոյն իրաւարարներուն կարգին:
Ֆետերասիոնը զգուշացուց բոլոր ակումբները, որ զսպեն իրենց համակիրները, մարզիկները եւ պատասխանատուները` նկատի ունենալով, որ եթէ պատահի, որ իրաւարարներուն դէմ որեւէ տեսակի յարձակում կատարուի (մարմնական կամ հայհոյանքներով), անոնք պիտի ստանան տուգանքներ եւ կախակայումներ:
Անոնք իրենց հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ ֆետերասիոնին պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է պաշտպանել իր բոլոր իրաւարարները անխտիր, որովհետեւ ոչ ոք իրաւունք ունի անոնց արժանապատուութեան դպնալու:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը վերջին անգամ ըլլալով ազդարարեց բոլոր ակումբները` յոյս յայտնելով, որ անոնք կը յաջողին գործադրել ֆետերասիոնէն իրենցմէ պահանջուածը, որպէսզի պատիժներ չկրեն:


