Ի՜նչ Լաւ Կ՛ըլլար
Շուրջ տասնհինգ օր առաջ «Գասպար Իփէկեան» խումբը Թեհրան մեկնեցաւ եւ, թատերական իր յայտագիրը կենսագործելէ ետք, առջի օր վերադարձաւ Պէյրութ:
Թեհրանի «Ալիք»-էն կ՛իմանանք, որ խումբը ներկայացուցած է «Եսի մարդը», «Պատուի վայելքը» եւ «Փշածաղիկը»: Այս խաղերը անծանօթ չեն մեր գաղութին ու խօսքը այդ մասին չէ արդէն:
Հրաւիրեալներուն մասին է խօսքը եւ հրաւիրողներու մասին:
Ասիկա երրորդ անգամն է, որ «Գասպար Իփէկեան» խումբը Թեհրան կը հրաւիրուի: Պարզուած այս երեւոյթը ինքնին ուշագրաւ է: Առաջին հրաւէրին մղիչ ուժը, կրնանք ըսել, ենթադրել, որ ստեղծուած անունն էր, անունին յառաջացուցած հետաքրքրութիւնը, բայց երկրորդին մղիչ ուժը նոյնը չէր, երկրորդ հրաւէրին ատեն` թեհրանահայութեան համար «Գասպար Իփէկեան» խումբը իր ստեղծած անունէն աւելին էր, շօշափելի գործ էր, որ առաւել եւս սրեց հետաքրքրութիւնները, աւելի խորացուց գեղեցիկ իրագործումներու հանդիսատես ըլլալու կարօտը ու վերստին բացաւ ճամբան:
Բոլորովին ալ դիւրին չէ ամբողջ խումբ մը Պէյրութէն Թեհրան տանելու գործը: Կը պարզուի սակայն, որ դժուարը դժուար չէ, երբ մտքի ու հոգիի վայելք ստեղծելու վստահելի հեռանկար մը կապուած է դժուարին:
Վաստակ մը ունենալ, գործի մը մէջէն յարգանքի արժանի ըլլալ: Վաստակ մը ունէր այս խումբը, կիրքով ու զոհաբերութեան ոգիով փարած էր գործին, յարգանքի արժանի էր ու արժանացաւ իրերայաջորդ հրաւէրներու:
Նուազ ուշագրաւ չէ սակայն վաստակն ու արժանաւորը մեծարելու արժանաւորութիւնը: Թեհրանի մեր հատուածը օրինակելի է այս մարզին մէջ: Կը սիրէ արուեստը, յարգանքն ունի իր մտաւորականներուն հանդէպ, գիտէ զոհաբերութիւններ ընել, խուռներամ ներկայ ըլլալ գրական ձեռնարկներու:
Պարագաներու բերումով, հայրենազուրկ ու տարտղնուած ըլլալու պա՛րզ պատճառով` բարոյական մեր դրամագլուխը շատ չէ այսօր ու մեր քիչէն շատ օգտուելու հրամայականի մը առջեւ կը գտնուինք: Մէկ գաղութին նուաճումներէն անմասն պէտք չէ մնայ միւսը: Հաղորդակցութեան միջոցներ պէտք է ստեղծուին, կիրարկուին յաճախ: Մէկը պատրաստա՛ծ ըլլայ ու պատրաստ ըլլայ մեկնելու, միւսը պատրաստ ըլլայ կանչելու: Շունչ առնելու, շունչ տալու, հաւաքաբար թարմանալու լաւագոյն միջոցներ են այցելութիւնները:
Ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար, եթէ իւրաքանչիւր գաղութ տարին քանի մը անգամ երթաս բարով ըսէր, բարի եկաք ըսէր, արուեստի ու մտքի ծառայողներ ճամբու դնէր, ընդունէր:
Ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար:
Պ. Ս.
