Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանին իր կատարած մրցումին, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը:

ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր 15-րդ յաղթանակը (2 պարտութեան կողքին), երբ 94-72 արդիւնքով (16-15, 23-19, 29-17 եւ 26-21) պարտութեան մատնեց իր հիւրը:
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Սեմ Եանկ (29 կէտ, 15 ռիպաունտ) եւ Մաքրամ Պըն Ռամատան (16 կէտ, 13 ռիպաունտ): Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 14 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), 6-ական կէտ նշանակեցին Սեւակ Քեթենճեան (ներառեալ` 2 թրի փոյնթ), Քարիմ Զէյնուն (2 թրի փոյնթ), Քարամ Մըշրեֆ եւ Հայկ Կէօքճեան, մինչ Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 11 կէտ:
Մութթահետէն 22 կէտ նշանակեց Ռիքարտօ Փաուըլ:
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Սաժես 90-80 արդիւնքով յաղթեց Թատամոնին (25-19, 20-20, 20-23 եւ 25-18):
Սաժեսէն 31 կէտ նշանակեց Տուայն Ճեքսըն, մինչ Թատամոնէն 30 կէտ` Լերի Պլեր:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս կը հիւրընկալէ Ռիատին:
Ռիատի իր այս մրցումին եւ յաջորդող այլ մրցումներուն դաշտ պիտի ներկայանայ առանց Ուաէլ Արաքժիի, որ ամսուան մը համար պայմանագիր ստորագրեց Պէյքոնկ Ֆլայ Տրակոնզի հետ (Չինաստան):


