Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգին (առաջին լիկա) մէջ հանդէս եկող Արցախ երկկողմանի համաձայնութեամբ իր պայմանագրութիւնը խզեց գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Եսայեանի հետ:
Ախոյեանութեան առաջին կէսէն ետք, երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արցախը շնորհակալութիւն յայտնեց Եսայեանին համագործակցութեան եւ միացեալ լաւ աշխատանքի համար` անոր մաղթելով յաջողութիւն յառաջիկայի ծրագիրներուն եւ մարզական արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
Այս յայտարարութիւնը կատարելէ մէկ օր ետք, ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Արմէն Սանամեան նշանակուեցաւ նոր գլխաւոր մարզիչ:
Սանամեանի վերջին ակումբն էր լիբանանեան Նըժմէն: Ան նաեւ եղած է Ալաշկերտի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկաններու ֆութպոլի հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչը:



