Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլզ. «Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեամբ Սահմանուած Նպատակները Այս Կամ Այն Ձեւով Կ՛առնչուին Նաեւ Հայաստանին»

January 31, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ  բարեկամական խումբի անդամները Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ 30 յունուարին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հետ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան հետագայ խորացումը` այս շրջագիծին մէջ ընդգծելով միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու եւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը: Արփինէ Յովհաննիսեան բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ  ժողովրդավարութեան կայացման, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման, տարբեր մարզերու մէջ բարեփոխումներու  իրականացման ուղղուած Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը:

Ռիչըրտ Միլզ բարեկամական խումբի անդամներուն ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեամբ սահմանուած բոլոր նպատակները այս կամ այն ձեւով ուղղակիօրէն կ՛առնչուին նաեւ Հայաստանին, որովհետեւ անոնցմէ  իւրաքանչիւրին հետ կապուած մենք ունինք ընդհանուր շահեր», նշած է դեսպանը` աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ շարունակական բարեկամութեան երաշխիքը երկու ժողովուրդներու ամուր եւ տեւական կապերն են:

Հանդիպումին ընթացքին բարեկամական խումբի անդամները եւս կարեւոր նկատած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը եւ համագործակցութեան խորացումը:

 

Նախորդը

Իտալիան ԵԱՀԿ-ի Մէջ Իր Նախագահութեան Ընթացքին Առաւելագոյն Ուշադրութիւն Պիտի Դարձնէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման

Յաջորդը

Դաւիթ Լոքեանը Մարզպետներու Հետ Աշխատանքային Քննարկում Ունեցած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.