Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիրի մասնաշէնք` Երեւանի առաջին քաղաքային հիւանդանոցին մէջ տեղակայուած Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն, որ ստեղծուած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) եւ պաշտպանութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ` երկրի նախագահին աջակցութեամբ եւ բազմաթիւ բարերարներու ու անհատ քաղաքացիներու կողմէ տրամադրուած միջոցներու շնորհիւ:
Նախագահը պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, ԵՊԲՀ-ի նախագահ Արմէն Մուրադեանի եւ շարք մը բարերարներու ընկերակցութեամբ շրջած է վերականգնողական կեդրոնին մէջ, ծանօթացած իր նախորդ այցելութենէն ետք` քանի մը ամսուան ընթացքին կատարուած մեծ ծաւալի աշխատանքներուն, զինուոր հաշմանդամներու համար հիմնուած վերականգնողական մասնագիտական կեդրոնի ընթացիկ գործունէութեան ու զարգացման հետագայ ծրագիրներուն: Սերժ Սարգսեան զրուցած է նաեւ կեդրոնին մէջ արդէն իրենց վերականգնողական բուժումը ստացող հայրենիքի պաշտպաններուն հետ:
Համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրադեանի հաստատումով` կեդրոնը պիտի գործէ իբրեւ ամբողջական վերականգնողական համալիր, ուր զինուորական հաշմանդամներու առողջական հարցերէն բացի պիտի լուծուին նաեւ ընկերային համարկումի, կրթութեան եւ աշխատանքի հարցեր, անիկա յագեցած է գերժամանակակից վերականգնողական սարքերով եւ շրջանին մէջ միակն է իր կարելիութիւններով:
Մուրադեան այս նախագիծի իրագործման հարցով բեկումնային նկատած է անցեալ տարուան 12 յուլիսին տեղի ունեցած նախագահի այցելութիւնը կեդրոնի շինարարական հրապարակ, որ, ըստ անոր, նոր խթան հանդիսացաւ հետագայ աշխատանքին համար:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է այս շատ կարեւոր գաղափարը իրականութիւն դարձուցած բոլոր անձերուն, նախ եւ առաջ` կեդրոնին մէջ վերականգնողական բուժում ստացող հայրենիքի պաշտպաններուն` նուիրումի եւ անմնացորդ ծառայութեան համար:



