Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Լիբանան

January 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր երէկ կէսօրէ ետք եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ ուղղուեցաւ նախագահական պալատ:

Պաապտայի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Շթայնմայերը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը փափաքի Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել, ինչպէս նաեւ քաղաքական, մշակութային, քաղաքակրթական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ գործակցիլ:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են նաեւ Գերմանիոյ մասնակցութիւնը միջազգային երեք խորհրդաժողովներուն` «Հռոմ 2», «Փարիզ» եւ «Պրիւքսել», որոնք տեղի պիտի ունենան Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նպատակով:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը միջազգային միացեալ պատասխանատուութիւն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ տեղահանուածներու չարչարանքին եւ մտածել անոնց ապահով տունդարձին մասին:

Իր կարգին, Շթայնմայեր հաստատեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ ազգային համերաշխութիւնը շրջանին համար օրինակելի պէտք է ըլլայ:

Ան հաստատեց, որ Գերմանիա նախանձախնդիր է Լիբանանի ներքին ապահովական կայունութեան պահպանումին` աւելցնելով, որ ինք ուրախ կը զգայ, որ Պէյրութ այցելող Գերմանիոյ առաջին նախագահն է:

Շթայնմայեր շեշտեց, որ ինք նախագահ Աունի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր` բարձր գնահատելով լիբանանցիներուն ցուցաբերած հիւրընկալութիւնը տեղահանուածներուն նկատմամբ:

Շթայնմայեր ընդգծեց, որ ինք անհամբեր է հանդիպելու նաեւ Լիբանանի հոգեւոր պետերուն հետ:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Կը Ջանանք Երկրին Հանդարտութիւնը Պահպանել»

Յաջորդը

Պասիլի Կողմէ Խորհրդարանի Նախագահը «Պալթաճի» Կոչելը Բռնկեցուց Երկրին Կացութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.