Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց նախագահական պալատ, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ երկիրը յաւելեալ լարուածութեան կարիք չունի` աւելցնելով, որ թէեւ կրնան որոշ հարցեր պատահիլ, սակայն ինք պիտի ջանայ կացութիւնը հանդարտեցնել:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենց նպատակն է երկիրը լաւագոյն ձեւով կառավարել` ապահովելով լիբանանցիներուն շահերը:
Նշենք, որ նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասսան Ապպասը, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտինը, ինչպէս նաեւ առկախեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի երէկուան նիստը` Գերմանիոյ նախագահին Պէյրութ կատարած պաշտօնական այցելութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ ուրբաթ, 9 փետրուար 2018-ին, Մար Մարունի տօնին առիթով Լիբանանի պետական հաստատութիւնները, դրամատուներն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:
Հանդիպում Լասընի Հետ
Յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները ընդգծեցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու լիբանանեան քաղաքականութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր նկատեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, այս շրջագիծին մէջ շեշտելով իր պատրաստակամութիւնը` Լիբանանին մատուցելու թեքնիք բոլոր օժանդակութիւնները:
Քասսարի Պարգեւատրում
Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ երէկ կազմակերպուեցաւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսարի մեծարանքի յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Տնտեսական խորհուրդները Լիբանանի տնտեսութեան զարկերակը կը նկատուին եւ տնտեսական որոշումներ տալու գլխաւոր հեղինակութիւնը:
«Իսկ Տնտեսական խորհուրդներուն մասին անկարելի է խօսիլ` առանց անդրադառնալու Ատնան Քասսարին, որ ամէն ջանք ի գործ դրած է Լիբանանի անունը բարձր պահելու իմաստով», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ իրենք բոլորին ակնկալութիւնները պիտի գոհացնեն` պատասխանատուութիւնները ստանձնելու եւ բարեկարգումի ուղիին զօրակցելու իմաստով:
Շքէյր հաստատեց, որ Քասսարի հիմնածն ու կերտածը պիտի ըլլան փարոս եւ պիտի ծառայեն ազգային տնտեսութեան բարգաւաճման ի խնդիր:
Այս առիթով Քասսար շեշտեց, որ ինք լաւատես է, եւ հակառակ երկիրը հարուածող բոլոր փոթորիկներուն, կը հաւատայ զանոնք տապալելու եւ դիմագրաւելու Լիբանանի ուժին եւ կարողութիւններուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիին` շեշտելով, որ ան իր հօր աւանդը կը կտակէ եւ իմաստուն գաղափարներով ամէն հարցի լուծում կը գտնէ, քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային առումով:
Քասսար շեշտեց, որ վարչապետարանին մէջ իր պարգեւատրումը որեւէ այլ պարգեւատրումի չի նմանիր, որովհետեւ ամէնէն աւելի իր սրտին կը խօսի:




