Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ ներկայութեամբ Նատեր Հարիրիի:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն վերաբերող հրամանագիրը տագնապ մը պատճառած է` աւելցնելով սակայն, որ կան աւելի լուրջ հարցեր: «Կը մաղթենք, որ ամէն ինչ հանդարտի, որպէսզի այս շաբթուան ընթացքին կարենանք այս տագնապը լուծել», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց, որ ինք մեծ յարգանք ունի Պըրրիի նկատմամբ` ընդգծելով վերջինիս այցելելու հաւանականութիւնը:
Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ հանդարտ մնալը հարցի լուծման միակ միջոցն է` աւելցնելով. «Եթէ երկրին իշխողը հրամանագիր մըն է, ապա անիկա լուրջ հարց է: Կը ջանամ այդ հարցին գտնել քաղաքական լուծում մը, որ տակաւին գոյութիւն չունի, սակայն կը յուսամ յանգիլ անոր»:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ Ապու Ֆաուրի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական հարցերն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց, որ պէտք է զգուշանալ երկիրը յուզող տնտեսական ու ելեւմտական տագնապներուն գծով եւ լուծումներ գտնել անոնց` Լիբանանը դուրս բերելով իր դիմագրաւած տեղքայլի դրութենէն:
Պըրրի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարեւոր են` աւելցնելով, որ օրըստօրէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը կը մօտենայ, եւ պէտք է պատրաստ ըլլալ անոնց:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Պըրրիի հետ իրենց ընտրական դաշինքը յստակ է ու վերջնական, սակայն քաղաքական այլ ուժերու հետ տակաւին բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ յստակ ոչինչ կայ:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ընտրական դաշինքի բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են Ազգային ազատ հոսանք, Լիբանանեան ուժեր, Փաղանգաւոր, Ազգային ազատականներու եւ Լիբանանի Ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ժամաա Իսլամիէի հետ:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Պաապտայի եւ Այն Թինէի միջեւ տագնապ գոյութիւն չունի` աւելցնելով սակայն, որ Պըրրի Թաէֆի համաձայնագիրին գլխաւոր եւ պատմական հիմնասիւներէն է: «Պէտք է Թաէֆի համաձայնագիրը բարելաւելու մասին մտածել եւ ոչ թէ զայն ջնջելու», ըսաւ Ժոմպլաթ:




