Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քուէյթի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Հեզասահ Են, Եւ Մենք Կը Ջանանք Զանոնք Աւելի Եւս Ամրապնդել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդգծեց լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու նպատակով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Քուէյթ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը ընթացած է մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:

Ան անդրադարձաւ անցնող մէկ տարուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած նուաճումներուն, որոնցմէ էր ընտրական օրէնքը, որուն հիման վրայ 6 մայիսին պիտի կայանան երեսփոխանական ընտրութիւնները, ապահովական կայունութիւնը, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յաղթանակն ու նաւթի արտահանումին վերաբերող օրէնքին վաւերացումը:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Լիբանանի համար հիմնական մտահոգութիւն կը մնայ երկրին տնտեսական կացութիւնը:

Նախագահ Աուն նաեւ շեշտեց, որ իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին քննարկուած հարցերուն շուրջ գոյութիւն ունեցող կեցուածքները գրեթէ նոյնանման էին բոլոր հարցերուն, յատկապէս արաբական իրականութեան վերաբերող հարցերուն մասին:

Նախագահ Աուն դրուատեց Քուէյթի շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանին նկարագիրը եւ անոր մարդկային յատկանիշները, «որոնց համար ան արժանի է խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան կոչ ուղղեց Քուէյթի մէջ ապրող ու աշխատող լիբանանցիներուն հաւատարիմ մնալու Քուէյթին, որ զանոնք հիւրընկալած է եւ անոնց տրամադրած աշխատանքի առիթներ:

Նախորդը

«Լիբանան Ձմեռնային Զբօսաշրջութիւն Ունեցող Կարեւորագոյն Երկիրներէն Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի Եւ Նեպիհ Պըրրիի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.