Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթավերջին ընդունեց Իրանի հոգեւորականներու ղեկավար խորհուրդի անդամ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի եւ Իրանի միջեւ մշակութային եւ ընկերային շարք մը հարցեր:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին առումով իրենք կ՛ենթարկուին այն լուծման, որ կ՛որդեգրուի իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ ոչ ոք կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատել:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու չէ` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը իր բոլոր կարողութիւններով կը պատրաստուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց տնտեսական լուծումներ ճշդելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցի շրջանաւարտներուն աշխատանքի դաշտեր ապահովել:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յարաբերութիւնը կը կազմէ Լիբանանի գերիշխանութեան հիմնասիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ իրենք կը գործեն այն հեռանկարով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, այսինքն` 6 մայիս 2018-ին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց խիտ շարքերով մասնակցելու Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը սկսած է ընտրական աշխատանքներուն, իսկ ընտրամեքենայի պաշտօնական աշխատանքի մեկնարկը պիտի կատարուի կիրակի, 4 փետրուար 2018-ին, Ֆորում տը Պէյրութի մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ոչինչ գործադրուած է` աւելցնելով, որ ոչ ոք ճիգ կը թափէ համայնքային քաղաքականութիւնը ջնջելու իմաստով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իրենց իրականացուցած լաւագոյն նուաճումը ընտրական օրէնքն է` աւելցնելով, որ հակառակ անոր նուաճում ըլլալուն, իրենք տակաւին աւելի լաւ ընտրական օրէնքի մը կը ձգտէին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են երեսփոխանական ընտրութիւններուն` պատրաստակամութիւն յայտնելով նաեւ ծառայելու լիբանանցիներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ կը ջանան Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը ձախողեցնել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Քամել Ռիֆայի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ իր ինքնաշարժն ու թիկնապահները կրակոցի ենթարկուած են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի նշեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել սահմանադրական քաոս մը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին Հըզպալլայի հետ կողք-կողքի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ հաստատեց, որ երկրին մէջ ընտրանքները, որոնք կը կատարուին, քաղաքական խմբաւորումներու ուղեգիծերուն վրայ կը կեդրոնանան եւ ոչ թէ անհատներու:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին գծով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ Պըրրիի յարաբերութիւնը այս աստիճանի լարուածութեան պիտի չհասնէր, եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրի այդ հրամանագիրը ստորագրած չըլլար:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Ամերիկան Պէտք Է Անմիջապէս Իր Ուժերը Հեռացնէ Մընպեժէն»

Յաջորդը

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլա Քաղաքական Եւ Ընտրական Իր Ամուր Դաշինքը Պիտի Պահպանէ Ամալ Շարժումին Հետ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.