Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. Ս. Սարգիս Զօրավարի Սրբապատկերի Օծում Եւ Նոր Սիս Թաղամասի Հայկական Դիմագիծի Ամրապնդման Շեշտադրում

January 29, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ շաբաթ, 27 յունուարին տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն եւ մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Կիրակի, 28 յունուարին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Արագած» ակումբին կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ապա թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց  Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը կատարեց եկեղեցւոյ մուտքին զետեղուած Ս. Սարգիս զօրավարի սրբապատկերի օծումը:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 4-րդ դարուն ապրած Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին եւ անոր ունեցած գործունէութեան` շեշտելով, որ ան քաջութեամբ կը կատարէր իրեն վստահուած գործը, հաւատքով կը քարոզէր Աւետարանը, նաեւ բարեգործութեամբ ժողովուրդին մօտ շահած էր մեծ համբաւ: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ երբ կը յայտնաբերուի Ս. Սարգիսի քրիստոնեայ ըլլալը, ան կը մերժէ ուրանալ կրօնը եւ կը գլխատուի իր որդւոյն` Մարտիրոսի եւ 14 զօրականներու հետ: «Մեր ժողովուրդը դարերէ ի վեր հաւատարմութեամբ կապուած է Ս. Սարգիսի յիշատակին, եւ պատմական Հայաստանի մէջ աւելի քան 200 սրբարաններ նուիրուած են անոր յիշատակին», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը:

Անդրադառնալով մերօրեայ կեանքի պայմաններուն` առաջնորդ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ օրըստօրէ սկսած են անհետանալ այն բոլոր կրօնական արժէքները եւ սրբութիւնները, որոնք մեր ամրութիւնը կը կազմէին: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կեցուածքով կը փորձենք մեզմէ հեռու պահել այն երեւոյթները, որոնք կը խաթարեն մեր ինքնութիւնը եւ ինչպէ՞ս կ՛արտայայտենք մեր հաւատքը մեր առօրեային մէջ` քաջ գիտնալով, որ անցնող բոլոր դարերուն մեր ժողովուրդի ամրութիւնը կայացաւ իր հաւատքի արտայայտութեամբ: «Անհրաժեշտ է այս կեանքի պայմաններուն մէջ կառչած մնալ բոլոր այն սրբութիւններուն, որոնք մեզի յանձնուեցան, որպէսզի անոնցմով մենք զմեզ պաշտպանենք եւ ճամբայ ցոյց տանք գալիք սերունդներուն, որոնք առանց այդ նուիրական արժէքներուն եւ սրբութիւններուն, պիտի չկարենան գոյատեւել իրենց սեփական աշխարհի նկարագիրով եւ քրիստոնէական կենցաղով», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ըսաւ, որ եկեղեցական անուանակոչութեան տօները առիթներ են անդրադառնալու սուրբերու կեանքին ու անոնց սրբագործութիւններուն եւ արժեւորելու զանոնք քրիստոնէավայել ընթացքով:

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Գօգօ Աւագեան նկատել տուաւ, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի իւրաքանչիւր սսեցիի համար, որ յիշատակ մը ունի շրջանին մէջ եւ «ուխտագնացութեան» նման ամէն տարի կ՛այցելէ եկեղեցի` բարձր գիտակցութեամբ իր լուման ի սպաս դնելու եկեղեցւոյ եւ այդ ճամբով շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդին:

Աւագեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով ծրագրուած աշխատանքներուն իրագործման: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Զոհրապ Թերզեանին եւ իր ընտանիքին, որ եկեղեցւոյ նուիրած էր Ս. Սարգիս զօրավարի սրբանկարը, եւ հրաւիրելով Թերզեան ամոլը յուշանուէր մը յանձնեց անոնց:

Առաջնորդ սրբազան հայրը խօսք առնելով ողջունեց եւ շնորհաւորեց թաղականութիւնը եւ մաղթեց, որ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, նաեւ յարակից մարմիններն ու կառոյցները միատեղ աշխատանքով յաջողին շրջանին մէջ հայկական ներկայութիւնը առաւել եւս շեշտաւորել եւ փաստել, որ տակաւին շատ ընելիք ունինք եկեղեցական եւ ազգային մակարդակներու վրայ: Սրբազան հայրը ըսաւ, թէ պէտք է անդրադառնանք, որ մեր ազգային բոլոր մարմինները կան ու կը գործեն մեր ամրութեան համար, եւ անոնց աշխատանքը կրնայ ազդու ըլլալ մեր կեանքին մէջ, եթէ մենք մասնակից ըլլանք մեր հաւատքով եւ զօրակցինք բոլոր այն ճիգերուն, որոնց նպատակն է մեր գոյութիւնը առաւել եւս ամրացնել: Առաջնորդ սրբազան հայրը հաստատեց, որ ժողովուրդին կարիքները շատցած են, եւ անհրաժեշտ է մեր աշխատանքը, եռանդը եւ ճիգը բազմապատկել, որպէսզի կարենանք հասնիլ այդ կարիքներուն: Սրբազան հայրը եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ կեանքի վերիվայրումներուն դիմաց պէտք է հաստատ ըլլանք եւ հաւատքով ու հաւատարմութեամբ յաղթահարենք դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր իտէալներուն մասնակից պէտք է դարձնենք նոր սերունդը:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն ուսուցիչներ Կարօ Սվաքճեան (սրինգ) եւ հայրենի արուեստագէտ Յովիկ Կարախանեան (ջութակ), շրջանաւարտ Նարօտ Ադամեան (ջութակ), աշակերտ Մարիա Եագուպեան (քանոն), ինչպէս նաեւ տհոլահարներու համոյթը: Իսկ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան մեկնաբանեց «Իմ Անի» երգը:

Տօնավաճառ Եւ Գեղարուեստական
Յայտագիր Նոր Սիս Թաղամասին Մէջ

Շաբաթ, 27 յունուար 2018-ին, արտակարգ տօնական եռուզեռ կար Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասին մէջ: Այդ օր Ս. Սարգիս զօրավարի տօնն էր եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Տօնակատարութեան  ազդանշանը տրուեցաւ առաւօտուն, երբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանը կատարեց աղի օրհնութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ ուխտի առիթով նուիրաբերուած ոչխարներու զենումը: Այնուհետեւ ընթացք առաւ մատաղի պատրաստութեան (ճիտապուր) հոլովոյթը, որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան, ժրաջան տիկնանց միութեան ու սսեցի տիկիններու միացեալ աշխատանքով: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Գիշերային ժամերգութիւն:

Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, Նոր Սիս թաղամասին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի Ս. Սարգիսի տօնակատարութեան յանձնախումբին, տօնավաճառ տեղի ունեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ: Տօնավաճառի տաղաւարներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները. ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւնը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի «Արագած» եւ «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղերը, ՔԱՀԼ-ը, «Ճինիշեան» համայնքային բարգաւաճման յանձնախումբը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասը, «Արցախ ֆոնտ»-ը եւ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբը: Տօնավաճառին բացումը կատարեց «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը, որ երգերով եւ պարերով ուրախացուց շրջանի մանուկները: Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը:

Իսկ երեկոյեան գեղարուեստական յայտագիր- երգահանդէսին ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մկօ Խտըրլարեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին շեշտեց այս տօնավաճառին եւ տօնակատարութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ կոմիտէն նախանձախնդիր է Նոր Սիս թաղամասի հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ գոյատեւման: Իր խօսքի աւարտին Խտըրլարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ արուեստագէտներուն, որոնք աջակցեցան այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ յաջողութեան: Հուսկ ելոյթ ունեցան հետեւեալ արուեստագէտները` Նաթալի Տէկիրմէնճեան, Գէորգ Փարիզեան, Հայկ Վարդանեան, Մհեր Չափարեան, Նժդեհ Պոտրումեան, Վազգէն Կէնտիմեան եւ Յարութ Գըլընճեան, որոնք ազգային, ժողովրդական, աշուղական երգերով հայկական մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին Նոր Սիս թաղամասին մէջ: Նշենք, որ տօնավաճառի ամբողջ տեւողութեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանները ներկայութիւն էին շրջանին մէջ:

Նախորդը

Դիմաւորելով 100-ամեակը – Գ. – Հարիւրամեակին Կը Խօսի՞նք Միացումներու Մասին Եւ Կը Գործե՞նք Անոնց Իրականացման Համար

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.