Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Ներկայացուց Պաշտպանութեան Մարզի Նոր Ծրագիրները

January 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ  պաշտպանութեան նախարարին կից անձնակազմի նիստ, որուն  ընթացքին ամփոփուած են 2017-ի արդիւնքներն ու նախանշուած են ընթացիկ տարուան հիմնական ընելիքները: Հայկական երկու հանրապետութիւներու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման շրջագիծին մէջ նիստին մասնակցած են նաեւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան  ներկայացուցիչները:

Նիստի ընթացքին 2017 ուսումնական տարուան մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստակամութեան, մարտական հերթապահութեան արդիւնքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն վերաբերեալ հիմնական հաշուետու զեկուցումով հանդէս եկած է Հայաստանի զինուած ուժերու հրամանատար, գնդապետ-զօրավար  Մովսէս Յակոբեան: Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ անցեալ ուսումնական տարուան ծրագրուած կարգով շարունակուած են զօրքերու պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան չափորոշիչներու, ուսումնական-մարտական խնդիրներու կատարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, մարտական հերթապահութեան կրման պայմաններու եւ ամրաշինական կառոյցներու կատարելագործման ուղղուած աշխատանքները:

Զեկուցումներով հանդէս եկած են նաեւ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալները, որոնք, ըստ համապատասխան ուղղութիւններու, ներկայացուցած են 2017-ի ընթացքին իրականացած գործերը եւ յառաջիկայ աշխատանքային ուղղութիւնները:

Ամփոփելով 2017 թուականը` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է, որ հայկական զինուժը պատուով կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրները, ընդ որում` կեանքի կոչուած  են շարք մը նոր ու բացառիկ ծրագիրներ: Նախարար Սարգսեան շեշտած է, որ 2017-ն կարեւոր տարի էր պաշտպանական մարզին վերաբերող օրէնսդրութիւնը ամբողջութեամբ վերատեսութեան ենթարկելու եւ զինուորական ծառայութեան ու զինուորի կարգավիճակի մասին նոր առանցքային դրութիւններ սահմանելու համար:

Անդրադառնալով ընկերային ծրագիրներուն` նախարարը չափազանց կարեւոր նկատած է բացառիկ թափանցիկութեան սկզբունքով գործող Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամի գործունէութեան շարունակականութիւնը: Հիմնադրամ, որ նիւթական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ հերոսացած կամ հաշմանդամ դարձած զինուորներու ընտանիքներուն: Լուծուած է նաեւ զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինուորներու անօթեւան ընտանիքներու բնակարաններով օժտելու հարցը:

Նախարար Վիգէն Սարգսեան խօսած է նաեւ յառաջիկային սկսող ընկերային նոր ու բացառիկ ծրագիրի մը մասին, որ զինուորներուն  բնակարաններ տրամադրելու կարելիութիւն կու տայ` վարկերու  աննախադէպ պայմաններով: Ծրագիրը շուտով պիտի ներկայացուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն:

Ըստ պաշտպանութեան նախարարին, տարին յատկանշուած է զինուորական կրթութեան վերաբերող բարեփոխումներով, որոնց մեկնարկը տրուած է Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի` նոր ու գերժամանակակից պայմաններով ուսումնական համալիր տեղափոխութեամբ: Յառաջիկային պիտի վերակառուցուի եւ վերազինուի նաեւ Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական համալսարանը:

Նախարար Սարգսեան նիստի մասնակիցներուն նաեւ տեղեկացուցած է, որ բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրը արդէն պատրաստ է եւ ներկայացուած երկրի ղեկավարին: Այդ ծրագիրով կը նախատեսուի զինուած ուժերը հասցնել նոր ու բացառիկ մակարդակի:

 

Նախորդը

Հայ – Սուրիական Կրթական Համագործակցութեան Քննարկում

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.