Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անհրաժեշտ Է Արգիլել Իսրայէլի Կողմէ Սահմանային Քարէ Պատնէշի Կառուցումը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Պըրնելլա Տէյլըր Քարտելը` ընկերակցութեամբ  ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու խորհրդական Միրոսլաւ Ճենքայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, թէ Լիբանան մեծ յոյսեր ունի, որ ՄԱԿ կը յաջողի արգիլել Իսրայէլի կողմէ սահմանային քարէ պատնէշի կառուցումը` նկատի ունենալով, որ այդ պատը կը կառուցուի այնպիսի շրջանի մը մէջ, որուն 13 վայրերուն պատկանելիութեան շուրջ տարակարծութիւն կայ:

«Սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը գտնուող այդ շրջաններուն վրայ նման պատնէշի կառուցումը իր հետեւանքները կրնայ ունենայ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան վրայ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ կատարուող ոտնձգութիւնները, որոնք նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում կը նկատուին:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ այդ խախտումները արձանագրուած են միայն Իսրայէլի կողմէ եւ երբեք` Լիբանանի:

Նախագահ Աուն ակնարկեց նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու հարցին` շեշտելով, որ այդ թղթածրարը արագ լուծման կը կարօտի` նկատի ունենալով Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ ապահովական մարզերուն վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց նաեւ, որ տեղահանուածներուն հարցերը հոգալու համար տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները անբաւարար են եւ լիբանանեան պետութեան միջոցով չէ որ կը կատարուին:

Պատասխանելով Ճենքայի հարցումին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, այսինքն` 6 մայիս 2018-ին:

Իր կարգին, Ճենքա նախագահ Աունին փոխանցեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ անոր յայտնեց Կութիերեսի մաղթանքը, որպէսզի ան կարենայ Լիբանանը առաջնորդել դէպի ապահովութիւն:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան կողմէն սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուած օժանդակութիւնները` աւելցնելով, որ ՄԱԿ կը գնահատէ Լիբանանի եւ յատկապէս Կապոյտ Գիծին վրայ տիրող ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւնը սկսած է Իսրայէլի հետ քննարկել սահմանային շրջանին մէջ քարէ պատնէշի կառուցումին վերաբերող հարցերը:

Ճենքա հաստատեց, որ ՄԱԿ պիտի զօրակցի Հռոմի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ գումարուելիք Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովներուն:

Նախագահ Աուն ընդունեց նախկին նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Պասսամ Թլայսի:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ համադաշնակցութիւնն ու սենտիքաները 1 փետրուարին յայտարարած իրենց գործադուլը չեղեալ նկատեն` խոստանալով համադաշնակցութեան պահանջները արծարծել կառավարութեան գումարելիք առաջին նիստին ընթացքին, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ հարցին լուծումներ ապահովել:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշ, որ հրաժեշտ տուաւ նախագահ Աունին` դիւանագիտական իր պարտականութիւնը աւարտելու առիթով:

Նախորդը

Պըրրի Ընտրական Հարցեր Քննարկեց Կարգ Մը Անձնաւորութիւններու Հետ

Յաջորդը

«Պէտք Է Բարձրացնել Արդիւնաւէտութիւնը Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Լուծման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.