Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանի իր մտահոգութիւնը յայտնած է Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ թրքական բանակի շղթայազերծած գործողութեան առնչութեամբ:
Քրտական «Ներինաազատ» կայքը կը հաղորդէ, որ Պարզանի նշած է, թէ խաղաղ բնակիչներու շարքին զոհերու գոյութեան մասին լուրերը խիստ կը մտահոգեն զիրենք:
Քրտական մարզի նախկին ղեկավարը նաեւ շեշտած է, թէ Թուրքիան այդ ձեւով չի կրնար լուծել զինք յուզող հարցերը, որովհետեւ պատերազմը աւելի պիտի մեծցնէ Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներն ու բռնութեան ալիքը:



