Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն երէկ գլխաւորելով եւրոպական պատուիրակութեան մը, այցելեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին նոր կեդրոնը, ուր ընդունուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Նատիմ Ապտել Մալեքի եւ խորհուրդի անդամներուն կողմէ:
Ապա Լասըն հանդիպում մը ունեցաւ խորհուրդին հետ եւ ծանօթացաւ անոր աշխատանքներուն:
Ապտել Մալեք շեշտեց, որ խորհուրդը հաւատարիմ պիտի մնայ իր խոստումին, եւ իր աշխատանքը պիտի շարունակէ պարկեշտութեամբ, անկողմնակալութեամբ եւ անկախութեամբ` կառչած մնալով ընտրական օրէնքներուն եւ կանոններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ կատարել:
Ան նշեց, որ ընտրութիւններուն ճշգրտութեամբ, վստահութեամբ, բարձր ատակութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ հետեւելու համար խորհուրդը կարիքը ունի թեքնիք օժանդակութեան եւ մարդկային պաշարներու, ինչպէս նաեւ նիւթական միջոցներու, որոնք տակաւին չեն տրամադրուած, հակառակ անոր որ ընտրարշաւը պիտի սկսի երկու շաբաթ ետք:
Իր կարգին, Լասըն շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին` մաղթելով, որ այդ ընտրութիւնները ըլլան արդար, պարկեշտ, թափանցիկ եւ արհեստավարժ` հիմնուելով ընտրական նոր օրէնքին վրայ:
Լասըն դրուատեց ընտրական խորհուրդին դերակատարութիւնը` ընդգծելով ընտրութիւններուն թափանցիկութեան կարեւորութիւնը եւ կաշառքի արգիլումը:
Հանդիպումին ընթացքին կատարուեցան քննարկումներ խորհուրդին աշխատանքը աշխուժացնելու եւ պարկեշտ ընտրութիւններ երաշխաւորելու նպատակով:



