Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ մեկնած էր Տաւոս` մասնակցելու համար «Բզկտուած աշխարհի մը մէջ միացեալ ապագայի կերտումը» խորագիրը կրող տնտեսական բարգաւաճման բնոյթի խորհրդաժողովին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ` ներկայութեամբ Ռանիա թագուհիին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Ապտալլա թագաւորին բացատրած է շրջանային հարցերէն ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը, որուն յանձնառու մնացած են լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:
Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է արաբական բոլոր երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները պահելու հեզասահ, եղբայրական եւ ամրապնդուած:
Ան աւելցուց, որ Ապտալլա Բ. թագաւորը զօրակցութիւն յայտնած է Լիբանանին, յատկապէս Լիբանանի հիւրընկալած սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով:
Վարչապետ Հարիրի նկատել տուաւ, որ Ապտալլա թագաւորին հետ համաձայնած է մօտիկ ապագային Յորդանան աշխատանքային այցելութիւն մը կատարել եւ տեղահանուածներու թղթածրարին շրջագիծին մէջ խորհրդակցիլ, նախքան Պրիւքսելի խորհրդաժողովը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ ապրիլին:
Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնիի հետ, որուն հետ քննարկեց «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Հարիրի այցելեց Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսէի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Հարիրի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելի եւ Նորվեկիոյ վարչապետ Իրնա Սոլպըրկի հետ:
Նշենք, որ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի հետ:
Պէտք է աւելցնել, որ «Սի. Էն. Պի. Սի.» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը տեւած է շուրջ երեք տարի, որուն ընթացքին սառած են նաեւ կառավարութեան ու խորհրդարանին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութենէն ի վեր Լիբանան կարելիութիւն ունեցած է հեռացնելու զինք հարուածող փոթորիկները` աւելցնելով, որ անցեալ նոյեմբերի պատահարը անցեալին մաս կը կազմէ` նկատել տալով սակայն, որ անկէ կարելի եղած է դրական իրականութեան մը` շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութեան յանգիլ:
«Այս քաղաքականութիւնը ամէնէն աւելի օգտակար է Լիբանանի համար», ըսաւ Հարիրի` հաստատելով, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները շատ լաւ են:
Այս շրջագիծին մէջ ան ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի նախձեռնած յանդուգն փոփոխութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին չափաւորական իսլամականութիւնը տեսնել:
Անդրադառնալով Իրանին` վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ ինք կը փափաքի Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ պետական բացառիկ յարաբերութիւններու վկայել, եւ չի նախընտրեր այն իրականութիւնը, որ պետութիւն մը առանց վարչապետին իմացութեան ներդրումներ կատարէ, ինչպէս որ կը պատահի Հըզպալլայի հետ:
Հարիրի նշեց, որ ինք կը կեդրոնանայ Լիբանանի վրայ եւ ճիգ չի խնայեր, որ Լիբանան արաբական բոլոր երկիրներուն հետ հեզասահ յարաբերութիւններ ունենայ:
Ան յայտնեց, որ Լիբանան կ՛աշխատի երկրին մէջ կատարուելիք ներդրումները աւելցնելու ուղղութեամբ` բարելաւելու համար տնտեսական կացութիւնը: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Փարիզի հետ գործակցաբար կը հիմնուի ներդրումներու ֆոնտ մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ մեծ թիւով աշխատանքի առիթներ ստեղծել:
Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ ինք լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ քննարկած է Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը եւ հասած այն եզրակացութեան, թէ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել տեղահանուածներու այդքան մեծ թիւը:
Հարիրի կոչ ուղղեց լիբանանցի երիտասարդներուն վերադառնալու Լիբանան, ուր ապահովական կայունութիւն կը տիրէ եւ ուր գործերու հսկայ առիթներ պիտի ստեղծուին:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ միակ սպառնալիքը իսրայէլեան նոր յարձակումն է, որ կրնայ արձանագրուիլ սխալ հաշուարկի մը պատճառով: «Կան մարտահրաւէրներ, որոնք կրնանք դիմագրաւել եւ տնօրինել, սակայն եթէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը սանձազերծէ, ապա ատիկա չենք կրնար մեկնաբանել: Եթէ Իսրայէլ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, ապա ան պէտք է հանդուրժողական ըլլայ եւ ուրիշին իրաւունքները ընդունի», հաստատեց ան:



