Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Մոհամետ Ահմետ Ապտել Ղանի Հուժէյրին (ծանօթ` Մոհամետ Տաատ անունով), որ մեղսակցած է բանակայիններ Փիեռ Պաշաալանիի եւ Մոհամետ Զահրամանի սպանութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հուժէյրի 12 դեկտեմբեր 2015-ին Պըրժ Պարաժնէի պայթումի գլխաւոր մեղսակիցներէն է, ինչպէս նաեւ Արսալի մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դրամ, զէնք եւ թմրեցուցիչ մատակարարած է:


