Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄՈԱԼԼԵՄ ԱՐԱՊԻԻՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԵՑ

November 11, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուալիտ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ զարմանք  յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին այն յայտարարութեան համար, որ արաբական երկիրները կը քաջալերէր Սուրիան քաղաքական եւ տնտեսական պոյքոթի ենթարկելու, ինչ որ Արաբական լիկայի ուխտին եւ արաբական հասարակաց աշխատանքի սկզբունքներուն խզում մըն է:

Մոալլեմ իր նամակին մէջ յայտնեց, որ ամերիկեան այդ հրահրումը կրնայ արաբական կարգ մը պետութեանց հաւանութեամբ Սուրիոյ դէմ տնտեսական եւ քաղաքական արտաքին միջամտութիւնները արդարացնելու ցուցանիշ մը ըլլալ: Ան յոյս յայտնեց, որ ականջ չտրուի այդ յայտարարութեան, որ Արաբական լիկայի հովանաւորութեամբ արաբական հասարակաց աշխատանքի ապագային դէմ ուղղուած սպառնալիք մըն է:

Մոալլեմ նշեց, որ Սուրիա իր յանձնառութիւնը յայտնած է արաբական աշխատանքային ծրագիրին, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր, եւ կը վստահեցնէ, որ մէկ շաբթուան ընթացքին այդ ծրագիրին բովանդակած կէտերուն մեծամասնութիւնը պիտի գործադրէ, հակառակ արբանեակային պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններու տարածած ստապատիր տեղեկութեանց: Ան ըսաւ, որ Արաբական լիկային մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչը լիկային նախարարաց խորհուրդին պիտի ներկայացնէ այս ուղղութեամբ առնուած քայլերը: Նշենք, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտարարած էր, որ Սուրիա տագնապի լուծման արաբական ծրագիրը չէ գործադրած:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր նամակին աւարտին յոյս յայտնեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը արաբական երկիրներու գերիշխանութիւնը եւ անոնց փոխադարձ յարաբերութիւնները պաշտպանող լիկայի ուխտին հիմամբ հակադարձէ ամերիկեան յայտարարութեանց:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը ամբաստանեց իր խօսքը աղաւաղելու յանցանքով: Ըստ պարբերաթերթին, ան յայտարարած է. «Նախագահ Ասատ բարեփոխումներէն ետք իշխանութենէն պիտի հեռանայ»: Ան նաեւ հերքեց իրեն վերագրուած այն խօսքը, թէ Ասատ գործուած սխալներուն համար պատասխանատու է:

 

Նախորդը

«ԻՐԱՆ ՈՐԵՒԷ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ՈՒԺՈՎ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ԽԱՄԵՆԷԻ

Յաջորդը

ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԿԱԶ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԻՆ ՎՐԱՅ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՊԱՅԹՈՒՄ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.