Երէկ` երեքշաբթի, 23 յունուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պարսելոնա մեկնեցան Շեպիպեթ Ռիատիի աղջիկները` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար պասքեթպոլի միջազգային Լիկա-Քաթալինա-2018-ի մրցաշարքին:
Այս մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ 23-39 յունուարին, Շեպիպեթ Ռիատիի համար պիտի ըլլայ միջազգային առաջին փորձառութիւնը, որուն ընթացքին խումբին մաս կազմող մարզիկները պիտի փորձեն լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել եւրոպական ակումբներու դէմ:
Ակումբին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սպանիայէն եկած այս հրաւէրէն բացի, կը նախատեսուի, որ ամրան ընթացքին խումբին ուղարկուի այլ յատուկ հրաւէր մըն ալ, այս անգամ` Ֆրանսայէն (աղջիկներ) եւ Սպանիայէն (տղաք):



