Անգլիական «Տը Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես այս տարեշրջանի աւարտին փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն կ՛ուզէ փոխարինել այլ մարզիկով մը:
Կը նշուի, որ արքայական ակումբը ամրան ընթացքին ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ իր կազմին միացնելու Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյնը` անոր փոխանցման համար վճարելով 226 միլիոն եւրօ:
Եթէ կողմերը համաձայնութեան գան իրարու հետ, ասիկա պիտի ըլլայ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն սուղ փոխանցումը:
Նկատի ունենալով, որ Քերիի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022, անոր ակումբը կը պատրաստուի իր 24 տարեկան անգլիացի ֆութպոլիստին աշխատավարձը աւելցնելու, որպէսզի ան չհեռանայ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի 32 տարեկան Ռոնալտոյին, Ռէալի հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:



