Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 6-4, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հունգարացի մրցակիցը` Մարթոն Ֆուքսովիչը:

Քառորդ աւարտականին, 36 տարեկան Ֆետերեր իրեն մրցակից պիտի ունենայ չեխ Թոմաս Պերտիչը, որ 6-1, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Ֆապիօ Ֆոնինիին:

Աղջկանց Դ. հանգրուանի մրցումներուն, թիւ 1 դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Նաոմի Օսաքային (Ճափոն):
Այստեղ պէտք է նշել, որ հարաւային քորէացի 21 տարեկան Շունկ Հէոն ստեղծեց մեծ եւ կարեւոր անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Ճոքովիչը` արձանագրելով 7-6, 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Այսպիսով, 21 տարեկան Հէոն հանդիսացաւ վերջին մարզիկը, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:


