Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Արմէն Սարգսեանը Ընդունելի Է Նաեւ Սփիւռքի Մէջ»

January 22, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններուն աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ իբրեւ նախագահի թեկնածու  Բրիտանիոյ դեսպան Արմէն Սարգսեանը առաջադրելը շատ լաւ  որոշում է: Անոր դիտարկումով` Արմէն Սարգսեան լաւագոյն թեկնածուն է նախագահի պաշտօնին համար, ան նաեւ ընդունելի եւ ընկալելի է սփիւռքի մէջ, աւելի լաւ թեկնածու կարելի չէ պատկերացնել:

«Ան տարիներ շարունակ գործած է սփիւռքի մէջ` յատկապէս Անգլիոյ մէջ: Բայց ան նաեւ կը ճանչնայ սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները: Լաւ  ընտրութիւն է: Ան Հայաստանի զարգացման գործին մէջ իր ներդրումը  ունեցած է, եւ բոլոր հոսանքներուն հետ դրական յարաբերութիւններ հաստատած է», նշեց ան:

Մուրատ Փափազեան պատասխանեց նաեւ «Թերթ»-ի հարցումին` սփիւռքը` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական կեանքին մէջ ներգրաւելու վերաբերեալ. արդեօք սփիւռքը պէ՞տք է իր մասնակցութիւնն ու կարծիքը յայտնէ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն մասին: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը պատասխանեց` Հայաստանի շահն է, որ սփիւռքը ունենայ ներդրում Հայաստանի մէջ, որ սփիւռքը կարենայ օժանդակել Հայաստանին նաեւ ներքաղաքական կեանքին մէջ:

«Մենք ուրիշ նպատակ չունինք: Եթէ մենք կը նշենք, որ մէկ ժողովուրդ ենք, մէկ ազգ, նաեւ` պէտք է ընդունինք, որ սփիւռքի ներդրումը կրնայ  դրական ըլլալ, եթէ սփիւռքը իր ներդրումը ունենայ նաեւ ներքաղաքական կեանքին մէջ, թէ ինչպէ՛ս, չեմ մանրամասներ, բայց պէտք է համախմբուի այդ հարցին շուրջ եւ այդպէս շահ բերէ  Հայաստանին», նշեց ան:

Դիտարկումին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի` ներկայիս իշխանութիւնները կարեւոր կը նկատե՞ն սփիւռքի կարծիքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ, Մուրատ Փափազեան պատասխանեց. «Շատ անբաւարար ձեւով, եւ ատիկա մեղք է: Ես կրնամ հաստատել, որ այսօրուան իշխանութիւնները սփիւռքը չեն արժեւորեր, սփիւռքը պէտք է քաջալերեն, որ ներդրում ունենան Հայաստանի մէջ` ո՛չ միայն տնտեսական, այլ նաեւ` սփիւռքի փորձառութիւնը օգտագործեն: Ի վերջոյ, մենք ունինք կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ սփիւռքի մէջ, եւ յատկապէս Դաշնակցութիւնը, որ ունի լուրջ 127 տարուան  փորձառութիւն, ունի կապեր, ազդեցութիւն: Դժբախտաբար, անբաւարար ձեւով կ՛օգտագործուի այդ ուժը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ սպասումներ կան նոր վարչապետի ընտրութենէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ տակաւին այս մասին որեւէ բան ըսել չի կրնար, քանի որ կուսակցութիւնը հարցը կը քննարկէ: «Դաշնակցութիւնը տակաւին պէտք է քննէ հարցը, եւ պէտք է որոշումը քննարկումէն ետք` հաւաքական ձեւով ներկայացնենք», ըսաւ ան:

Նախորդը

Փայլանի Հայերէն Խօսքերը Խորհրդարանի Արձանագրութիւններուն Մէջ «X» Նշանը Կրած Են

Յաջորդը

«Քալչիօ». Ինթեր Միլան – Ա. Էս. Ռոմա` 1-1

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.