Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Երկրին Ապահովական Իրավիճակը Քննարկեց Ապպաս Իպրահիմի Հետ

January 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու երկրին ապահովական իրավիճակը:

Միւս կողմէ, Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան ապահով երկիր է` մերժելով մեկնաբանել այն տեղեկագիրը, թէ Լիբանան 21 երկրի բջիջային հեռաձայններու եւ անոնց տեղեկութիւններուն կրցած է հասնիլ: «Կը մերժեմ մեր կարողութիւնները թշնամիին դիմաց բացայայտել, որովհետեւ այս իմաստով հաղորդուելիք որեւէ տեղեկութիւն կրնայ մեզի մեր ընթացքէն շեղել: Սակայն կը հաստատեմ, որ մեր ունեցած բոլոր տեղեկութիւնները պիտի ծառայեն Լիբանանի պաշտպանութեան», ըսաւ Իպրահիմ:

Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը հետապնդեն բոլոր անոնք, որոնք կը սպառնան Լիբանանի անվտանգութեան, տնտեսական կայունութեան, կ՛օժանդակեն թմրեցուցիչի եւ զէնքի մաքսանենգումին, ինչպէս նաեւ կ՛աջակցին ահաբեկիչներուն եւ թշնամի Իսրայէլին:

Ան զգուշացուց սուրիացիները Լիբանան կատարուելիք ապօրինի ելումուտին` շեշտելով, որ այդպիսով անոնք իրենք զիրենք ցուրտի, ականներու վրայ կոխելու եւ ահաբեկչութեան ենթարկած կ՛ըլլան:

Իպրահիմ ցաւ յայտնեց Սուէյրի-Մասնաա շրջանի բարձունքներուն վրայ ցուրտին պատճառով մահացած սուրիացիներուն համար` ընդգծելով, որ իրենք բաւարար տեղեկութիւններ ունին եւ մօտիկ ապագային պիտի սկսին դէմ դնել ապօրինի կերպով սուրիացիներուն Լիբանան փոխադրութիւնը ապահովող մաֆիաներուն աշխատանքներուն:

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ . «Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Է, Իսկ Ազգային Կայունութեան Պաշտպանութիւնը Մեր Առաջնահերթութիւնն Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Գիւմրիի Մէջ. Պատարագ` Ի Յիշատակ Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 11-րդ Տարելիցին

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.