Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Սուրիան Թուրքիոյ Եւ Ամերիկայի Ազդեցութենէն Ձերբազատելու Համար. Ասատ Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Գործակցելու Դամասկոսի Հետ

January 22, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնը նկատեց յարձակում մը, որ կարելի չէ անջատել Սուրիոյ նկատմամբ թրքական քաղաքականութենէն, որ հիմնուած է ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներուն աջակցութեան վրայ:

Ասատ Դամասկոսի մէջ Իրանի Արտաքին յարաբերութեանց ռազմավարական խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազիի հետ հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերն ու սուրիական կառավարութիւնը գոյացնեն համաձայնութիւն մը, եւ «այդ շրջանը ձերբազատի ահաբեկչութեան աջակցողներու եւ Ամերիկայի ազդեցութենէն»:

Սուրիոյ նախագահը նաեւ յոյս յայտնեց, որ իր երկիրը Իրանի աջակցութեամբ Իրաքի նման յաղթանակ արձանագրէ ահաբեկչութեան դէմ:

Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակներն ու հիւլէական ծրագիրի թղթածրարին մէջ Իրանի ամուր կեցուածքը ձախողութեան մատնեցին շրջանին համար գծուած ծրագիրները:

Խարազի իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ եւ դիմադրութեան առանցքին թշնամիները իրենց սադրանքները պիտի չդադրեցնեն, եւ պէտք է զգուշանալ այդ սադրանքներէն, մասնաւորաբար անոնցմէ, որոնք շրջանային կարգ մը երկիրներ կը կատարեն Սուրիոյ վերաշինութեան փուլին մէջ»:

«Արձանագրուած յաղթանակները սուրիական ուժերու եւ անոնց դաշնակիցներու ջանքերուն շնորհիւ են», ըսաւ ան` նշելով. «Պէտք է յաւելեալ ջանք թափել սուրիական մնացեալ հողերը ահաբեկիչներէն ձերբազատելու համար»:

Նախորդը

«Հպարտ Ենք Պուրճ Համուտով» Խորագիրով Հայկականութեան Փառատօն` Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ Թաղին Մէջ

Յաջորդը

Թուրքիա Իր Բանակին Աֆրին Մուտքը Կը Յայտարարէ, Քրտական Ուժերը Կը Հերքեն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.