Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1968)

January 22, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի Նաւահանգիստը

Այս օրերուն բաւական կը խօսուի Պէյրութի նաւահանգիստի ընդարձակման եւ անոր կանոնաւորման անհրաժեշտութեան մասին: Թէեւ երրորդ աւազանի աշխատանքները 1967-ին լրացան, կը մնան դեռ մթերանոցներու կառուցումները:

Սուէզի անակնկալ փակումը յունիսին, Միջին Արեւելքի տարանցումները դարձան դէպի Պէյրութի նաւահանգիստը: Յատկապէս, Յորդանանի ներածումներն ու արտածումները, որոնք Աքահայի միջոցով տեղի կ՛ունենային, ներկայիս մեծ մասով Լիբանանէն կ՛անցնին: Միւս կողմէ` Սէուտական Արաբիոյ, Քուէյթի եւ Իրաքի տարանցումներէն մաս մը դարձեալ Պէյրութի միջոցով տեղի կ՛ունենայ: Յորդանանը, որ ամէն տարի 10.000 թոն ֆոսֆաթ կը ղրկէր, 1967-ին 30.000 թոն ղրկած է մեր նաւահանգիստէն:

Առեւտրական գործառնութիւններու զարգացումով Պէյրութի նաւահանգիստը նեղ կու գայ նաւերը օրը օրին ընդունելու եւ անոնց ապրանքները պարպելու համար: Այս պատճառով բազմաթիւ նաւեր ծովուն բացերը կարգի կը սպասեն` նաւահանգիստէն ներս մտնելու համար:

Հակառակ յունիսեան դէպքերու պատճառով յառաջացած տնտեսական տագնապին եւ, հետեւաբար, առեւտրական փոխանակութիւններու նուազումին, Պէյրութի նաւահանգիստին գործառնութիւնները գոհացուցիչ արդիւնք տուած են 1967-ին: Այսպէս, արտածումներու եւ ներածումներու ընդհանուր գումարը հասած է 2.288 175 թոնի` 1966-ի 2.277.417 թոնին դիմաց: Ներածումները եղած են 1.704.637 թոն, իսկ արտածումները` 583.538 թոն: Արտածումները ներածումներուն մէկ երրորդը կը կազմեն` ըստ վերոյիշեալ պաշտօնական թիւերուն: Որով Սուէզի ջրանցքին փակումը զգալիօրէն ազդած է արաբական երկիրներու տարանցումներուն` ի նպաստ Պէյրութի նաւահանգիստին:

Ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ փիւնիկեան շրջանէն Պէյրութի նաւահանգիստին մասին: Ասկէ 762 տարի առաջ, խաչակիրներու օրով, Պէյրութի նաւահանգիստը ունեցած է 150 մ երկարութիւն եւ 100 մ լայնութիւն: Աւազանի խորութիւնը միայն 2-3 մ եղած է: Այդ օրերուն հազիւ 5-6 առագաստանաւեր, 30 մ երկարութեամբ, կրցած են քարափին մօտենալ:

1887-ին օսմանեան կառավարութիւնը յատուկ ֆերմանով ընկերութեան մը թոյլատրեց նոր նաւահանգիստի շինութիւնը` հին նաւահանգիստին առջեւ: Նորը, որ գործածուեցաւ մինչեւ մեր օրերը` 1934, ունէր 806 մ. երկարութեամբ կոհակաթումբ մը (պրիզ-լամ), քարափէն 150 մ երկարող թեւ մը եւ 150 մ լայնութեամբ անցք մը` նաւերուն համար: Այս առաջին աւազանը ունէր 21 հեկտար տարածութիւն:

Աւելորդ է յիշել, որ Պէյրութի նաւահանգիստը Միջին Արեւելքի մէջ մեծ դեր կատարած է տնտեսական եւ առեւտրական գետնի վրայ: Ամբողջ Թուրքիան միայն Զմիւռնիոյ եւ Պէյրութի նաւահանգիստները ունէր: Կը նշանակէ, որ մեծ արժէք ներկայացնող ձեռնարկ մըն էր այդ ժամանակներուն:

Երկրորդ աւազանը շինուեցաւ 1934-ին` 19 հեկտար տարածութեամբ: Նախկին կոհակաթումբը երկարեցաւ 450 մ, իսկ դիմացէն երկրորդ թեւը հասաւ 330 մեթրի: Քարափը 2.330 մ երկարութիւն ունեցաւ, իսկ շահուած հողը` Մըտաուարի կողմէն, 275.000 քառ. մեթր բարձրացաւ:

Երեսուն տարուան ընթացքին գործառնութիւնները աւելցան եւ երրորդ աւազանի շինութիւնը որոշուեցաւ 1962-ին, եւ 1967-ին ծովային աշխատանքները վերջացան: Կոհակաթումբը 300 մեթր եւս երկարեցաւ, իսկ քարափը` 1300 մեթր: Թէեւ այս աւազանը սկսաւ գործել, բայց կատարեալ գործունէութիւնը հազիւ 1970-ին կամ 1972-ին պիտի սկսի: Աւազանին շուրջը պիտի շինուին ճամբաներ, շոգեկառքի գիծեր, կայարան, կոյուղիներ, արմտիքի ամբարներ, ելեկտրական գիծեր, մթերանոցներ, վարչական շէնքեր, սառնամթերանոցներ եւ այլն: Ծովէն շահուած հողային տարածութիւնը մօտ 500.000 քառ. մեթր է, որ բոլորովին պարապ է:

Արդարեւ, Պէյրութի նաւահանգիստի կոհակաթումբին երկարութիւնը հասած է 1.556 մեթրի, իսկ քարափը` 3.300 մեթրի: Ժամանակին, խաչակիրներու օրով, 5-6 առագաստանաւեր կը մտնէին, այսօր 18 նաւեր կը մտնեն, իսկ երրորդ աւազանով մինչեւ 30 նաւեր պիտի կրնան խարսխել: Առեւտրական ազատ գօտին, որ 125.000 քառ. մեթր է, այսօր 250.000 մեթրի բարձրացած է: Միւս կողմէ, նախկին առաջին աւազանի եւ քարափի բարեկարգութեամբ, ծովէն բաւական հող շահուած է մթերանոցներու շինութեան համար:

Վերջին տասնամեակի ընթացքին փոխադրական գործառնութիւններուն զարգացումը ցոյց կու տայ, որ Պէյրութի նաւահանգիստին գրաւած աշխարհագրական բացառիկ դիրքին շնորհիւ` փոխանակուած ապրանքներուն տարողութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ: Եւ եթէ խորունկ քարափներ շինուին հսկայ նաւեր ընդունելու համար, մեծապէս պիտի դիւրանայ այդ նաւերուն պարպումն ու բեռնումը: Նաւահանգիստին մէջ հսկայ մթերանոցներու կառուցումը` ցորենի եւ պտուղներու համար եւ ազատ գօտիի ընդլայնումը հնարաւորութիւն պիտի տան վաճառականներուն եւ օտար պետութիւններուն, որ իրենց տեղական արտադրութիւնները Պէյրութի մէջ ամբարեն Միջին Արեւելքի մէջ սպառելու համար: Խնայողութեան տեսանկիւնէն քննելով` 40.00 թոննոց նաւերու քարաճին մօտենալը` մեծ առաւելութիւններ պիտի ապահովեն Լիբանանի տնտեսութեան:

Շատ հին ժամանակներէ ի վեր Պէյրութի Միջին Արեւելքի դուռը նկատուած է եւ բարեբախտաբար կը պահէ այդ առանձնաշնորհեալ դիրքը: Պէյրութ Դամասկոսէն 110 քմ հեռու է, Հալէպէն` 390, Ամմանէն` 300, Պաղտատէն` 900, Քուէյթէն եւ Տահրանէն` 1800, իսկ Թեհրանէն` 2.000: Այս վեց երկիրներու համար Պէյրութի նաւահանգիստը ամէնէն ձեռնտու կեդրոնը կրնայ ըլլալ` իրենց ներածումներուն եւ արտածումներուն համար:

Պաշտօնական վիճակագրութիւններու համաձայն, տասը տարուան ընթացքին Պէյրութի նաւահանգիստին գործունէութիւնը կրկնապատկուած է եւ հասած` աւելի քան 2 միլիոն թոնի: Կը կարծուի, որ մօտաւոր ապագային Պէյրութի նաւահանգիստի գործունէութեան տարողութիւնը պիտի հասնի տարեկան 4 միլիոն թոնի:

Գ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ծպտեալ Հայերը Դուրս Են Գալիս Ստուերների Տակից

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.