ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր նախկին սիրեցեալներէն մէկուն հետ: Թերեւս տագնապիք ձեր անձնական կեանքին խառնուող անձի մը պատճառով:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ փոփոխութեան շրջան մը պիտի ունենանք: Ինքնավստահ եղէք ու ձեր կեցուածքին վրայ հաստատ մնացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր ընտրութիւններուն վրայ կառչած մնացէք` առանց աճապարելու: Աշխատանքային յաջողութիւն մը պիտի ունենաք` հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Համբերութեամբ փաստեցիք, որ կրնաք դիմագրաւել դժուարութիւնները: Ներդրումային ծրագիրի մը մասնակցելու յարմար ժամանակն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր աշխատանքը յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Պիտի ստանաք պատասխաններ ձեզ յուզող բազմաթիւ հարցերու: Հռչակ ձեռք պիտի ձգէք գալիք օրերուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ժառանգի կամ դրամատան հաշիւի մը խնդիրը պիտի զբաղեցնէ ձեզ: Ձեր կարելին ըրէք` առանց բախտին սպասելու:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր սիրելի ըկերոջ հետ արկածախնդրական պտոյտ մը պիտի կատարէք: Պիտի հանդիպիք երկար բացակայած անձի մը հետ: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Նիւթական խնդիր մը պիտի հետապնդէք եւ պիտի հանգչիք ձեր մէկ հարազատին առողջական խնդիրով: Ճիշդ քայլեր առած էք յաջողութեան հասնելու համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պարագաներու բերմամբ պիտի ստիպուիք ձեր մէկ ժամադրութիւնը յետաձգել: Հարցի մը պարագային, չէզոք դիրք պիտի գրաւէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի նախընտրէք մեկուսանալ եւ ինքնամփոփ կեանք մը վարել: Զգուշացէք անհոգութենէն եւ գիտելիքներով զինեցէք դուք ձեզի որեւէ քայլի դիմելէ առաջ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դրական շրջան մըն է ձեզի համար: Ձեր շրջապատը պիտի խօսի ձեր յաջողութեան մասին: Ամիսը պիտի աւարտէք բարձր տրամադրութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Յուսախաբութիւն մը պիտի ապրիք: Ձեզի պիտի թուի, որ հարցերը կանգ առած են ու` սառած, բայց շուտով այս վիճակը պիտի փոխուի, եւ դրական կողմը երեւան պիտի գայ:
