Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանանեան Ճակատումը Աւարտեցաւ Ի Նպաստ Ռիատիի, Որ Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (91-89)

January 20, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին երկրորդ օրը` երէկ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Ռիատի լիբանանեան ճակատումը` ներկայութեամբ լիբանանցի բազմաթիւ համակիրներու, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց կազմերը:

ՀՄԸՄ, որ այս մրցումը սկսաւ իր հիմնական կազմով` Ուոլթըր Հոճ, Սեմ Եանկ, Մաքրամ Պըն Ռամատան, Իսմայիլ Ահմետ եւ Էլի Շամուն, տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ, առաջին քորթըրին ունեցաւ տասը կէտի առաւելութիւն մը (29-19):

Ա. կիսախաղը եւս աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի գերակայութեամբ` 49-45:

Սակայն երրորդ քորթըրին, Ռիատի նշանակեց 21 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ` 19:

Վերջին քորթըրին ՀՄԸՄ չկրցաւ պահել մրցումին արդիւնքը եւ կրեց երկու կէտի տարբերութեամբ` 91-89 արդիւնքով պարտութիւն մը (29-19, 20-26, 19-22, 21-24):

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ կէտերու յստակ առաւելութիւն մը ունենալով իր մրցակիցին վրայ, կրնար հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել, մանաւանդ որ մրցումին տեւողութեան ունեցաւ նոյնիսկ 15 կէտի առաւելութիւն մը (34-19):

Բայց եւ այնպէս, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները օր մը առաջ մրցում կատարած էին եւ կը կատարէին իրենց յաջորդական երկրորդ մրցումը, մինչ Ռիատի, որ նախանցեալ օր հանգիստի մէջ էր, կը կատարէր իր առաջին մրցումը:

ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (28 կէտ, 10 ռիպաունտ): Սեմ Եանկ նշանակեց 14 կէտ, Թոտ Օպրայըն` 10, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 18 կէտ, Ուոլթըր Հոճ` 15:

ՀՄԸՄ 17 թրի փոյնթերէն 8-ը հասցուց իրենց նպատակին: Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 6 թրի փոյնթ:

Իսկ Ռիատիէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց` Քրիս Տանիելզ (24 կէտ, 11 ռիպաունտ): Անոր խմբակից Ամիր Սէուտ նշանակեց 5 թրի փոյնթ:

Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ԺԱՄ

Սաժես – Սալա

15:00

Ռիատի – Նաժըմ Ռատեսի

17:00

Նաժըմ Սահելի – Մասաքի

19:00

ՎԱՂԸ

Սալա – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբ

15:00

Նաժըմ Սահելի – Սաժես

17:00

ՀՄԸՄ – Նաժըմ Ռատեսի

19:00
Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ինթեր Միլան – Ա. Էս. Ռոմա. Վաղը` Լիոն – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շապապ Ղազիէ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.