Անգլիական մամուլին եւ ի մասնաւորի «Տէյլի Մէյլ» եւ «Տը Սան» օրաթերթերուն կողմէ երէկ հրապարակուած լուրերուն համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան արցունքոտ աչքերով հրաժեշտ տուաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի իր խմբակիցներուն եւ մեկնեցաւ Լոնտոն:
Մանչեսթըր Եունայթըտի կայքը հրապարակեց հետեւեալը.
«Շատ էին արցունքները, որովհետեւ ան ակումբին մէջ շատ սիրուած ֆութպոլիստ մըն էր: Ան կը հեռանայ մեզմէ` լաւ յիշատակներ ձգելով բոլորին մօտ: Յուսանք, որ անոր ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզը կ՛ըլլայ փայլուն»:
Մխիթարեան Լոնտոնի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր գործակատարին` Մինօ Ռայոլայի հետ, ամբողջացնելու համար իր բանակցութիւնները Արսենալի հետ:



