Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 յունուարին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գործադիր մարմինի 18 յունուարի նիստին կուսակցութեան կողմէ Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանին հետ:
«Կը կարծեմ, որ Հայաստանի չորրորդ նախագահը պէտք է ըլլայ կայացած եւ վառ անձնաւորութիւն, քաղաքականապէս պատրաստուած եւ կոփուած պէտք է ըլլայ, բայց ոչ քաղաքականացուած: Ան պէտք է կարենայ կազմակերպել երկխօսութիւն քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան տարբեր խաւերու միջեւ լարուածութիւնը թուլացնելու նպատակով, եթէ այդպիսի անհրաժեշտութիւն ըլլայ: Պէտք է կարենայ պատուով ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը արտերկրի մէջ, ճանչնայ սփիւռքը եւ ունակութիւն ունենայ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
«Երէկ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինին մէջ մենք անդրադարձած ենք այս հարցին, եւ ես, հաշուի առնելով ձեր ունակութիւնները, ձեր որակական յատկանիշները, առաջարկած եմ իմ գործընկերներուն` առաջադրել ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի թեկնածու: Դուք կայացած գիտնական էք, վարած էք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, ունիք դիւանագիտական մեծ փորձառութիւն, եւ ասիկա է պատճառը, որ մենք լրջօրէն քննարկած ենք ձեր թեկնածութիւնը:
«Շատ ցանկալի է, որ չորրորդ նախագահը ընտրուի խորհրդարանական լայն համաձայնութեան պայմաններու մէջ: Հաշուի առնելով մեր այս ցանկութիւնը` կը կարծեմ, որ ձեր մտորումներուն ժամանակ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ հանդիպիք մեր համախոհ գործընկերոջ` Դաշնակցութեան, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն` «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւններուն եւ տեսանելի ապագային որոշում տաք, որովհետեւ այդ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան մարտ ամսուան սկիզբը: Մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ընտրութիւնները տեղի ունենան մէկ փուլով, եւ մարտ ամսուան սկիզբը մենք արդէն ունենանք չորրորդ նախագահ», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Հանրապետական կուսակցութեան` բարձր վստահութեան համար:
Ան յատկապէս ըսած է. «Ինչպէս դուք ըսիք, շատ կարեւոր է, որ որոշում տալէ առաջ ես նոյնպէս առիթ ունենամ հանդիպելու քաղաքական տարբեր ուժերուն ե՛ւ Ազգային ժողովի մէջ, ե՛ւ Ազգային ժողովէն դուրս: Շատ կ’ուզէի հանդիպիլ նաեւ հանրութեան լայն շրջանակները ներկայացնող գիտական, մտաւորական, հասարակական, բարեգործական կազմակերպութիւններուն, գործարար շրջանակներուն, աշխատաւորական շրջանակներուն: Վստահաբար, անպայման կ’ուզէի հանդիպիլ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, եւ հանդիպիլ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն կամ անհատներուն եւ ատկէ ետք իմ որոշումս տալ: Բոլոր պարագաներուն, ինծի համար մեծ պատիւ է ձեր առաջարկը, պարո՛ն նախագահ:
«Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վստահութեան համար: Եւ եթէ այս բոլոր հանդիպումներէն ետք որոշումս տամ, կը փորձեմ պատուով կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պարտականութիւնները եւ արդարացնել այն վստահութիւնը, որ լսեցի ձեզմէ, ձեր կուսակից ընկերներուն կողմէ եւ յուսամ նաեւ կը լսեմ մեր միւս քաղաքացիներէն եւ մեր հայազգի որդիներէն: Եթէ թոյլ տաք, ինծի որոշ ժամանակ պէտք է վերջնական որոշում տալու համար», ըսած է Արմէն Սարգսեան:
Արմէն Սարգսեանի Կենսագրականը
Արմէն Սարգսեան ծնած է 23 յունիս 1953-ին, Երեւան: Ամուսնացած է, ունի երկու որդի: Ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի տեսական բնագիտութեան եւ ուսողութեան բաժանմունքը: 1976-1984 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Դասաւանդած է նաեւ Քեմպրիճի համալսարանին մէջ, Լոնտոնի համալսարանի Ուսողութեան հիմնարկին մէջ: 1991-1995-ին զբաղեցուցած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը: 1995-1996-ին` Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաքելութեան ղեկավարը եղած է: 1996-1997-ին ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը: 1998-1999-ին վերանշանակուած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին: Սեպտեմբեր 2013-ին Արմէն Սարգսեան երրորդ անգամ ստանձնած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը:
Պատուոյ եւ գործադիր պաշտօններ կը զբաղեցնէ շարք մը կառոյցներու մէջ:
Հեղինակ է բազմաթիւ ակադեմական յօդուածներու եւ հրապարակումներու: Ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան:
Ազգային ժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը պիտի ընտրէ 2 մարտ 2018-ին:



