Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարցը սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ գտնուող այն 13 կէտերուն, որոնց պատկանելիութեան վերաբերեալ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ Կապոյտ գիծը վերջնական սահման չէ, այլ` ժամանակաւոր սահման, որ ճշդուած է 2000-ին` հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերուն նահանջին լոյսին տակ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ սահմանամերձ շրջանին մէջ ներկայ պայմաններուն պատի մը կառուցումը սահմանային խաղաղութիւնը պահպանելու ճիգերուն հետ կը հակադրուի:
Ան աւելցուց, որ Լիբանան բացարձակ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, իսկ լիբանանեան բանակը իր ջոկատներուն թիւը աւելցուցած է հարաւային Լիբանանի մէջ` գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները:
Զօր. Պերի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ հարաւային Լիբանանի Կապոյտ գիծին մօտակայքը կառուցած պատին գծով, զօր. Պերի խորհրդարանի նախագահին յայտնեց, թէ իսրայէլեան կողմը ներկայիս կասեցուցած է այդ պատին կառուցումը` սպասելով փետրուարի սկիզբը գումարուելիք եռակողմանի նիստին, որուն կը մասնակցին լիբանանեան բանակը, իսրայէլեան ուժերն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը:



