Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն նշեց. «Թուրքիոյ Աֆրինի, Մընպեժի եւ Ժարապլուսի կամ որեւէ այլ կէտի մէջ որդեգրելիք քայլերը մեր ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար են: Անոնք բացարձակապէս Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ չեն»:
Պատասխանելով թուրք-սուրիական սահմանին վրայ Ուաշինկթընի կազմելիք Սահմանապահ ուժերուն վերաբերեալ ամերիկեան հակասական յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը` Քալըն յայտնեց. «Այդ յայտարարութիւնները, թէկուզ որոշ ճշմարտութիւն պարունակեն, կարելի չէ ընդունիլ»:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Վալերի Կերասիմովի հետ հանդիպում ունենալու համար թրքական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Հուլուսի Աքարի եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի հինգշաբթի օր Մոսկուա մեկնելուն, Քալըն ըսաւ. «Անոնք ներկայիս իրենց պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումներ կ՛ունենան` քննարկելու համար Աֆրինի հարցն ու սուրիական թատերաբեմի վրայ արձանագրուող բոլոր զարգացումները»:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ «Աֆրինի մէջ զինուորական գործողութիւնը պիտի գործադրենք»` նշելով. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական տարրերուն վերջ տալու այլընտրանքը չունինք»:
«Աֆրինի վերաբերեալ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Աֆրինի գործողութիւնը պիտի գործադրուի, սակայն անոր ժամկէտը կախեալ է զայն ամէնէն ազդու կերպով կատարելու ժամանակէն»:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շեշտեց. «Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան սպառնացող որեւէ գոյացութեան նկատմամբ աչք պիտի չփակենք»:
Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները երէկ հաղորդեցին, որ թրքական ուժերը հինգշաբթի կէս գիշերէն ի վեր բուռն կերպով կը ռմբակոծեն Աֆրինը:
Աւելի ուշ, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռուս զինուորները սկսած են հեռանալ Աֆրինէն, սակայն «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ աղբիւրներ կը հերքեն «Անատոլու»-ի լուրը` աւելցնելով, որ ապահովական աղբիւր մը յայտնած է, թէ ռուսական ուժերը Աֆրինի արեւելքը գտնուող Թալ Աժժարի մէջ ապահովական նոր կէտեր հաստատած են:



